Հոլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Տիք Ատվոքաթ նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ: Ան փոխարինեց Տենի Պլինտը, որ իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով պաշտօնանկ եղաւ:
69 տարեկան փորձառու մարզիչին օգնականը պիտի ըլլայ անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Ռուտ Կիւլիթ:
Ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Ատվոքաթի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն աւարտը:
Այստեղ պէտք է նշել նաեւ, որ Ատվոքաթ անցեալին եւս եղած է Հոլանտայի մարզիչ` 2002-2004 ժամանակամիջոցին: