Այսօր, անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբը բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի դարձի ճակատումին իր դաշտին վրայ հիւրընկալէ Սելթա Վիկոն:
Թէեւ երթի մրցումին Մանչեսթըր Եունայթըտ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց, սակայն այսօր ամէն գնով յաղթանակի մը կարիքը ունի` ապահովելու համար աւարտականին իր տոմսը:
Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 22:05-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Այսօրուան այս մրցումին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան նկատի առնուած է իբրեւ հիմնական մարզիկ` իր մարզիչին` Ժոզէ Մուրինիոյի կողմէ:
Այսօր տեղի պիտի ունենայ նաեւ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը` Լիոնի եւ Այաքս Ամսթերտամի միջեւ, նոյն ժամուն:
Երթին Այաքս Ամսթերտամ իր դաշտին վրայ 4-1 արդիւնքով յաղթեց Լիոնի: