Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան երէկ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ իր` նախարարի պաշտօնին վերանշանակուելու հաւանականութեան: Անոր համաձայն, պաշտօնավարման համար նախ պէտք է աշխատանքը շարունակելու ցանկութիւն, ապա` համապատասխան անձերու որոշում:
«Պաշտօնավարումը շարունակելու համար նախ պէտք է ունենալ աշխատելու ցանկութիւն, ապա այն, որ պաշտօնատար անձեր` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը եւ քաղաքական այն ուժը, որ ես կը ներկայացնեմ, համապատասխան որոշում տան: Առաջին մասով իմ ցանկութիւնս կայ` աշխատանքը շարունակելու եւ հիմնարար փոփոխութիւններ իրականացնելու: Երկրորդը, կը կարծեմ, 18 մայիսէն ետք կը յստականայ, թէ ինչպիսի՛ կառավարութիւն պիտի ձեւաւորուի», ըսաւ Մինասեան:
Խօսելով վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ ունեցած յարաբերութիւններուն մասին` ան ըսաւ, որ անոնք շատ բնականոն` վարչապետ-նախարար յարաբերութիւն է, որուն ընթացակարգերը նախատեսուած են նախագահի հրամանագիրով եւ ամրագրուած են նաեւ սահմանադրութեամբ:
«Եթէ կան բանավէճեր, այս կամ այն դրոյթներուն վերաբերեալ տարբեր կարծիքներ, ատիկա ոչ թէ անհամատեղելիութեան, այլ աւելի արդիւնաւէտ լուծումներ գտնելու փաստեր են», ըսաւ Մինասեան:



