Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Զարգացման Հիմնադրամի Նիստին Ընթացքին. Վարչապետ Կարապետեան. «Այստեղ Պէտք Է Ձեւաւորուի Ժամանակակից, Աշխուժ Խումբ»

Մայիս 11, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, թէ վարչապետ Կարէն Կարապետեան Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի աշխատակազմին ներկայացուցած  է հիմնադրամի նոր նշանակուած գործադիր տնօրէն Արմէն Աւակեանը:

Կարէն Կարապետեանը շնորհաւորած է Արմէն Աւակեանը, մաղթած բեղմնաւոր եւ արդիւնաւէտ աշխատանք: Վարչապետին խօսքով, Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը հետաքրքրական հարթակ է, որ  կրնայ օժանդակել կառավարութեան տնտեսական ծրագիրներուն:

«Կ՛ակնկալենք, որ այստեղ պէտք է ձեւաւորուի ժամանակակից, աշխուժ, խումբ մը: Հիմնադրամի ղեկավարէն կը սպասենք գործունէութեան արդիւնաւէտութեան, ներառեալ ֆինանսական կառավարման արդիւնաւէտութեան եւ համապատասխան հաշուետուողականութեան բարձրացում: Իւրաքանչիւր ծախսի հետ պէտք է ունենանք յստակ հիմնաւորում, թէ անիկա ինչի՛ պիտի ծառայէ: Հիմնադրամի գործունէութեան համար անհրաժեշտ է ապահովել նաեւ լրացուցիչ ֆինանսական միջոցներու ներգրաւում», ըսած է Կարէն Կարապետեան:

Վարչապետը կարեւոր նկատած է հիմնադրամին մէջ պետական աջակցութեան գործիքներու կիրարկման արդիւնաւէտութեան գնահատման համակարգի ներդրումը եւ աւելցուցած, որ կառոյցը պէտք է նպաստէ արտահանելի հատուածի ընդլայնման, ծաւալներու  յաւելման, ներուժ ունեցող կազմակերպութիւններուն տրամադրէ որակեալ խորհրդատուութիւն եւ այլն:

«Մենք ամէն ձեւով պէտք է հասկնանք, թէ ի՛նչ է մեր ներուժը, որ շուկաներուն մէջ ինչ ներուժ ունինք, եւ առաւելագոյնս խթանենք արտահանումը: Պէտք է նաեւ ներդրումներու մարզին մէջ իրականացնել խթանման միջոցառումներ, քայլերու ձեռնարկել ներդրումային ծրագիրներու ներգրաւման, օտարերկրեայ ընկերութիւններու  սպասարկման, զբօսաշրջութեան ներուժի օգտագործման ուղղութեամբ», ընդգծած է վարչապետը:

Նախորդը

Հատրութի Մէջ Պաշտպանութեան Բանակի Զինուորներու Ընտանիքներուն Համար Շէնքեր Կը Կառուցուին

Յաջորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Հիմնարար Փոփոխութիւններ Իրականացնելու Ցանկութիւն Կայ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պետութիւններու Շահերը  Եւ Տրամադրուող Պատրուակները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պետութիւններու Շահերը Եւ Տրամադրուող Պատրուակները

Մայիս 21, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 21, 2025
Աուն-Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Սալամ Հանդիպում

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?