Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քննարկումներ` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան Նախաձեռնութեամբ

May 8, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5 մայիսին Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է «Աշխարհաքաղաքական իրողութիւնները եւ Արցախին սպառնացող վտանգները» նիւթով կլոր սեղան: Քննարկումին մասնակցած են Արցախի մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, փորձագէտներ, լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ:

Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան նշած է, որ կլոր սեղանի կազմակերպման նպատակը աշխարհաքաղաքական նոր իրադրութեան պայմաններուն մէջ Արցախի առջեւ ծառացած խնդիրներուն վերաբերեալ քաղաքական կուսակցութիւններու կարծիքներու հնչեցումն է եւ ընդհանուր հանդիպման կէտերու բացայայտման միջոցով միասնական դիրքորոշման բարձրաձայնումը:

Պատգամաւոր Հայկ Խանումեան Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները կը բաժնէ 2 բաղադրիչներու` արտաքին եւ ներքին: Ըստ «Վերածնունդ» խմբակցութեան ղեկավարին` տեղի կ՛ունենայ բազմազգ, բազմակրօն եւ կեդրոնացուած համակարգով երկիրներու  մասնատում, շրջանին մէջ անվերահսկելի ռազմականացուած միաւորներու ստեղծում, իսկ ներքին առումով լուրջ մարտահրաւէր է իշխանութեան կեդրոնացումը:

«Շարժում-88» խմբակցութեան անդամ Վիլեն Սաֆարեան մտահոգութիւն յայտնած է միջազգային հարթակի վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան ազդեցութեան նուազման առումով: «Նոր ստեղծուած աշխարհաքաղաքական իրավիճակին մէջ նոր կողմնորոշումներ, նոր ուղղութիւններ պէտք է մշակել», առաջարկեց պատգամաւորը:

«Մենք բազմիցս ըսած ենք, որ կ՛ուզենք խաղաղութիւն, բայց թէ այդ խաղաղութեան ինչպէս կը հասնինք, անոնք ուրիշ մեքանիզմներ են: Ցաւօք սրտի, այսօր գործ ունինք այնպիսի երկրի մը, այնպիսի վարչակարգի մը հետ, որ ուժէ բացի այլ լեզու չի հասկնար», նշած է «Ժողովրդավարութիւն» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Մելքումեան:

Իրենց տեսակէտները յայտնած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան եւ ըսած, որ մեր ժողովուրդը ունակ է ո՛չ միայն իր սահմանները պաշտպանելու, այլ նաեւ քաղաքական միտք ձեւաւորելու եւ այդ քաղաքական միտքը համահայկական օրակարգի վրայ դնելու:

Պատգամաւոր Գէորգի Պետրոսեան ընդգծած է, որ մարտահրաւէրները  դիմագրաւելու համար Արցախէն պէտք է ազգի զօրաշարժի կոչ հնչէ` ոչ թէ Արցախի շուրջ, այլ ընդհանրապէս:

Փորձագէտ Հրաչեայ Արզումանեան նշած է, որ պէտք է ընդհանրական, գոնէ համահայկական առումով մտածել: Միայն պաշտպանուելով մենք մեր հարցերը չենք կրնար լուծել, մենք պէտք է պատրաստուինք յարձակումի:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայրենիք»  խմբակցութեան անդամ Արպատ Աւանեսեան անդրադարձած է Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն եւ անոնց ազդեցութեան` Արցախեան տագնապին վրայ:

«Աշխարհը պէտք է գիտնայ, որ Արցախի քաղաքական կուսակցութիւնները, ունենալով տարբեր կարծիքներ, իրար կողք-կողքի են արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ», ընդգծած է Արմէն Սարգսեան եւ առաջարկած կուսակցութիւնները պարբերաբար հրաւիրել տարբեր նիւթերու շուրջ քննարկումներու ու բանավէճերու եւ փորձել լուծումներ գտնել առկայ հարցերուն:

Նախորդը

Մոկերինիի Բանբերին Յայտարարութիւնը Երեւանի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Գրասենեակի Փակման Մասին

Յաջորդը

Ազրպէյճան Կը Մեղադրուի Եւրոպական Խորհուրդին Միլիոնաւոր Տոլարի Կաշառք Տալու Յանցանքով

RelatedPosts

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու  Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն  Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն

November 12, 2026
Կրոնօ. «Հարաւային Կովկասը  Եւրոպական Միութեան Համար Ռազմավարական  Կարեւորութիւն Ունի»
Հայկական

Կրոնօ. «Հարաւային Կովկասը Եւրոպական Միութեան Համար Ռազմավարական Կարեւորութիւն Ունի»

November 12, 2026
Փաշինեան-Էրտողան Հանդիպում` Անթալիոյ Մէջ
Հայկական

Փաշինեան-Էրտողան Հանդիպում` Անթալիոյ Մէջ

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.