«Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան յառաջապահ ստորաբաժանումները ուրբաթ, 5 մայիսի առաւօտեան, Ազրպէյճանի զինուած ուժերու Աշաղի Ապտուլրահմանլի բնակավայրին մօտ տեղակայուած մարտական մէկ յենակէտէն լսած են հակառակորդի զինուորական ծառայողներուն միջեւ հրաձգութեան ձայներ, այնուհետեւ` նռնակի պայթում:
«Նմանատիպ դէպքեր յաճախակիօրէն կրկնուող երեւոյթներ են, որոնք մշտապէս կը դիտարկուին եւ կ՛արձանագրուին հայ դիրքապահներուն կողմէ, ինչ որ վառ վկայութիւնն է այն իրողութեան, որ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն մէջ կարգապահական եւ անձերու միջեւ յարաբերութիւնները կը շարունակեն մնալ անմխիթար վիճակի մէջ», յայտարարած է Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Նախարարութեան մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ վերոնշեալ միջադէպին պատճառով, հակառակորդ կողմը շատ հաւանաբար ունեցաւ կորուստներ, որոնց մասին, ըստ սովորութեան, յայտարարութիւն պիտի չկատարուի: Չի բացառուիր նաեւ, որ Պաքու փորձէ պատահարին պատճառով արձանագրուած կորուստները վերագրել հայկական կողմին: