Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԴՐՈՒԱԾ Է ՓՈՒԹԻՆԻ ԿՈՂՄԷ» Կ՛ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

October 19, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ազրպէյճան իրաւունք ունի որեւէ միջոցով իր տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու:

«Ղարաբաղեան տագնապը շրջանին համար մեծագոյն սպառնալիքն է: Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի պատմական տարածքն է. «Ղարաբաղ» բառը ունի ազրպէյճանական ծագում: 1990-ական թուականներու սկիզբը ազրպէյճանցիները վտարեցին ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղէն, այլ նաեւ յարակից 7 շրջաններէն, ուր հայերը երբեք չեն ապրած: Մենք մէկ միլիոն գաղթական ունինք: Պատմական տեսանկիւնէն Լեռնային Ղարաբաղը մեր հողն է, եւ նաեւ իրաւական տեսանկիւնէն միջազգային հանրութիւնը կ՛ընդունի Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ Ազրպէյճանի մաս», ըսած է Ալիեւ` ընդգծելով, որ ազրպէյճանական կողմը մինչեւ հիմա կը հաւատայ, թէ հիմնախնդիրը պիտի լուծուի խաղաղ ճամբով:

«Տագնապը պէտք է լուծուի միջազգային իրաւական սկզբունքներու եւ արժեչափերու հիման վրայ: Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է վերականգնի, հայկական ուժերը պէտք է հեռանան բոլոր բռնագրաւուած տարածքներէն, ազրպէյճանցիները պէտք է իրաւունք ունենան վերադառնալու իրենց տուները, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղ: Լեռնային Ղարաբաղին կրնայ տրուիլ ինքնավարութեան կարգավիճակ: Աշխարհի եւ Եւրոպայի մէջ գոյութիւն ունին ինքնավարութեան լաւ օրինակներ», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Անդրադառնալով հայ-ազրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին գոյութեան իրավիճակին` Ալիեւ ըսած է, որ այնտեղ իրավիճակը շատ փխրուն է, եւ փաստացի խաղաղութիւն չկայ:

«Հակառակ 1994-ին զինադադարի մասին ձեռք բերուած համաձայնագիրին, մինչեւ հիմա խաղաղութեան կարելի կրնայ հասնիլ, խաղաղութիւն չկայ: Այդ պատճառով ոչ ոք կրնայ բացառել շփման գիծի վրայ որեւէ դիպաշար: Այս տեսանկիւնէն բոլորին, ներառեալ` Հայաստանի համար լաւ պիտի ըլլայ, եթէ տագնապը լուծուի կարելի եղածին չափ շուտ: Իմ կարդացած վերջին յօդուածիս մէջ կ՛ըսուէր, որ տագնապին պատճառով 25 հազար մարդ զոհուած է: Գոյութիւն ունին տարբեր թիւեր: Զինուորական գործողութիւններուն ժամանակ, անշուշտ, կորուստներ եղած են: Պատերազմի ընթացքին տուած ենք 12-15 հազար զոհ: Իսկ թէ ի՛նչ կորուստներ հայերը ունեցած են, իրենք աւելի լաւ գիտեն», ըսած է ան:

Ի պատասխան այն հարցումին, թէ «կ՛ենթադրուի, որ Փութին պիտի վերադառնայ իշխանութեան: Ըստ ձեզի, Մետվետեւի քաղաքականութիւնը պիտի շարունակուի՞, թէ՞ պիտի ստեղծուի բոլորովին այլ իրավիճակ», Ալիեւ ըսած է. «Կը կարծեմ, որ Ազրպէյճանի համար ատիկա պիտի դառնայ պարոն Փութինի քաղաքականութեան շարունակութիւնը, որովհետեւ 2003-էն մինչեւ 2008, այսինքն` այն ժամանակաշրջանին, երբ պարոն Փութինը նախագահ էր, մենք բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած ենք: Ան` Ազրպէյճան, ես ալ Մոսկուա այցելութիւններ կը կատարէի: Ազրպէյճանի նկատմամբ Ռուսիոյ այսօրուան քաղաքականութեան հիմքը փաստացիօրէն դրուած է Վլատիմիր Փութինի կողմէ: Ան դարձաւ Ռուսիոյ առաջին նախագահը, որ 2001-ին Ազրպէյճան այցելեց: Կը պատկերացնէ՞ք` Ազրպէյճանի անկախութեան 10 տարիներուն ընթացքին Ռուսիոյ նախորդ նախագահը ոչ մէկ անգամ այցելեց մեր երկիրը: Իսկ նախագահ Փութին Ազրպէյճան եկաւ, եւ ատիկա բեկումնային դարձաւ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ® Այդ քաղաքականութեան հիմքը դրած է Վլատիմիր Փութին, իսկ նախագահ Մետվետեւ շարունակած է զայն: Ատոր համար ալ վստահ ենք, որ այդ քաղաքականութիւնը պիտի շարունակուի»:

 

 

 

Նախորդը

«ՅՈՅՍՈՎ ԵՆՔ, ՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԴՐԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՃՈՆ ՀԵՖԸՐՆ

Յաջորդը

ՎԻԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԸ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԱՇԽԱՏԱԿԱԶՄԻ ՂԵԿԱՎԱՐ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.