
Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթեան Քուրց յայտարարած է, որ եթէ Թուրքիան որոշէ մահապատիժի հարցով հանրաքուէ կազմակերպել, ապա Աւստրիան պիտի արգիլէ իր հողերուն վրայ նման հանրաքուէի մը կազմակերպումը:
Ներկայիս Աւստրիոյ մէջ կը բնակի շուրջ 273 հազար ծագումով թուրք, որոնց 120 հազարը ընտրելու իրաւունք ունի: Աւելի կանուխ Գերմանիոյ կառավարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Շթեֆան Զայպերթ նոյնպէս յայտարարած էր, որ Գերմանիոյ իշխանութիւնները պատրաստ են բոլոր օրինական քայլերուն ձեռնարկել, որպէսզի թոյլ չտան իրենց երկրի տարածքին Թուրքիոյ մէջ մահապատիժ սահմանելու հարցով հանրաքուէի կազմակերպումը:
16 ապրիլին, սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէէն ետք, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր, որ յառաջիկային կառավարութեան ղեկավարին հետ պիտի քննարկէ երկրին մէջ մահապատիժ կիրարկելը վերականգնելու հարցը: