ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Արտաքին տեսքի փոփոխութեան համաձայն եղէք, սակայն կատարեցէք մնայուն թարմացումներ, որպէսզի միշտ լաւ երեւիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Սէրը, զոր պիտի ստանաք, շատ զօրութիւն պիտի տայ ձեզի: Ասիկա կը նմանի տեղէ մը մնայուն օգնութիւն ստանալու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Երեւակայածին մի ըլլաք, ներկան շատ լաւ է: Պիտի իրագործէք կարգ մը աշխատանքներ, որոնք օգտակար պիտի ըլլան ձեզի եւ ձեր շուրջիններուն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գրութեան մը ընդմէջէն պիտի զգաք ազատագրուելու զգացումը: Պիտի ունենաք նոր մտածումներ նոր կեանքի մը համար:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մի՛ վարանիք քաջալերել այն անձերը, որոնք աշխատանքի մէջ յաջող են: Դուք եւս ուրախ պիտի զգաք անոնց նուաճումներով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեզի առաջարկուած գործերը պիտի ընդունիք սիրով, ձեզի համար ոչինչ անկարելի է այսօր:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուշադիր ունկնդիր մը պիտի ունենաք այսօր, որ պիտի պահէ ձեր գաղտնիքները: Առանց վարանելու վստահեցէք անոր:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի ունենաք յստակ տեսողութիւն մը, որով պիտի կարենաք լաւ կատարել ձեր փափաքածը, եւ յաջողիլ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր գիտելիքները զարգացուցէք ձեր աշխատանքին մէջ, որով պիտի կարենաք յառաջդիմել պատշաճ ձեւով:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ըստ ձեզի, լաւագոյն բարեսիրութիւնը նիւթական տրամադրելն է օգտակար աշխատանքի մը համար:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դրամատան հետ պիտի կնքէք համաձայնութիւն մը, որ պիտի փոխէ ձեր ապագայի ակնկալութիւնները:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մարզանքի եւ արուեստի հետեւելով դուք վանած կ՛ըլլաք գէշ մտածումներ եւ կը մնաք հանդարտ ու առողջ:
