24 ապրիլին` Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին օրը, կանուխ առաւօտէն հազարաւոր քաղաքացիներ ուղղուած են դէպի Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին կառուցուած Զանգակատուն-յուշակոթող` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ոճրագործութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:
Յուշահամալիր այցելած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պետական այրեր եւ հիւրեր, որոնք ծաղիկներ ու ծաղկեպսակներ զետեղած են Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:
Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցած է նաեւ բարեխօսական Սրբոց նահատակաց եւ ոգեկոչման կարգ:
Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին նուիրուած տարբեր նախաձեռնութիւններ տեղի ունեցած են նաեւ արցախեան բազմաթիւ շրջաններու մէջ:
Ստեփանակերտի Մէջ` Աւանդական Ջահերթ
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի կառոյցի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի մէջ ապրիլ 23-ին տեղի ունեցած է աւանդական ջահերթ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին:
Ջահերթին մասնակիցները Ստեփանակերտի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն ուղղուած են դէպի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած Զանգակատուն-յուշակոթող:
Ճամբուն վրայ ջահերթին մասնակիցները հրկիզած են Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պետական դրօշները, ինչպէս նաեւ բարձրացուցած են դատապարտող պաստառներ` «Հայ զինուորը կանխեց նոր ցեղասպանութիւնը», «Թուրքը մարդասպան է, ազերին` ոճրագործ» վերտառութեամբ, եւ վանկարկեցին` «Ճանաչում», «Հատուցում»:
Զանգակատուն-յուշակոթողին մօտ ցուցադրուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող տեսանիւթ, որմէ ետք խօսք առած է Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, պատմաբան Լեռնիկ Յովհաննիսեան:
«Այսօր Սիտնիի, Օթթաուայի, Թեհրանի, Լոս Անճելըսի եւ աշխարհի այլ քաղաքներու մէջ տեղի կ՛ունենայ ոգեկոչման արարողութիւն: Հայրենիքը կորսնցուցածներու սերունդները այսօր պահանջատէր են: Ի տարբերութիւն սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն` մենք կ՛ապրինք մեր հայրենիքին մէջ եւ 1991-1992 թուականներուն մենք կերտեցինք մեր պետականութիւնը` ի դէմս Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն: Արցախեան պահանջատիրութիւնը փրկեց արեւելահայութիւնը նոր ցեղասպանութենէ, եւ 2016 թուականին մեր պետականութիւնը պահպանողները նորէն իրենց կամքի ուժով, հերոսութեամբ ու անձնազոհութեամբ կանխեցին նոր Ցեղասպանութիւն մը եւ ցոյց տուին աշխարհին, որ այլեւս չեն կրնար բնաջնջել հայը, քանի որ այսօր ունինք ե՛ւ պետականութիւն, ե՛ւ բանակ: Մենք կը պահանջենք ճանաչում, հատուցում, արդարութիւն եւ մեր հայրենիքը», ըսած է Լ. Յովհաննիսեան:
Ջահերթին մասնակցած են պատգամաւորներ, ուսանողներ, երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, զինուորականներ եւ Ստեփանակերտի բնակիչներ:



