Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետեւելով Օպամայի Օրինակին` Թրամփ «Ցեղասպանութեան» Փոխարէն Օգտագործեց «Մեծ Եղեռն»-ը

April 26, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրապարակեց Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով նախագահական աւանդական ուղերձը, որուն մէջ հետեւելով իր նախորդին` Պարաք Օպամայի օրինակին, «ցեղասպանութիւն» եզրին փոխարէն օգտագործեց «Մեծ եղեռն» բառակապակցութիւնը:

Թրամփ իր ուղերձին մէջ նշեց. «Այսօր կը յիշենք ու կը յարգենք յիշատակը անոնց, որոնք տառապեցան 20-րդ դարու յոռեգոյն զանգուածային վայրագութիւններէն մէկուն` Մեծ եղեռնի ընթացքին: Սկսելով 1915-ին, Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն, 1,5 միլիոն հայեր տեղահանուեցան, սպաննուեցան կամ ուղարկուեցան մահուան: Ամերիկայի հայ համայնքին եւ ամբողջ աշխարհին հետ կը սգամ անմեղ կեանքերու կորուստն ու բազմաթիւ ուրիշներու տառապանքները:

«Մինչ մարդկային պատմութեան սեւ էջերուն մասին կը մտածենք, նաեւ կը ճանչնանք հայ ժողովուրդի ամրութիւնը: Անոնցմէ շատեր նոր կեանքի սկսան Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ անգնահատելի ներդրումներ ունեցան մեր երկրին մէջ` միաժամանակ պահպանելով յիշատակները պատմական հայրենիքին, ուր անոնց նախնիները հիմնած են հին աշխարհի մեծագոյն քաղաքակրթութիւններէն մէկը: Մենք պէտք է յիշենք վայրագութիւնները, որպէսզի չարտօնենք անոնց կրկնութիւնը: Մենք կ՛ողջունենք ցաւալի պատմութիւնը ընդունելու թուրքերուն եւ հայերուն ջանքերը, որոնք կարեւոր քայլեր են աւելի արդար եւ հանդուրժող ապագայի հիմքեր կառուցելու ճամբուն վրայ»:

Սպիտակ տան բանբեր Շոն Սփայսըր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ նախագահ Թրամփ չէ օգտագործած «ցեղասպանութիւն» եզրը` նշեց, որ կատարուած յայտարարութիւնը հետեւողութեամբ էր նախկին վարչակազմերու կատարած յայտարարութիւններուն:

«Կատարուած յայտարարութիւնը հետեւողական է: Նախկին քանի մը վարչակազմեր օգտագործած են այդ լեզուն: Եթէ ետ նայիք եւ քննէք այն լեզուն, որ կ՛օգտագործէին նախագահներ Օպաման ու Պուշը եւ անոնցմէ առաջ ալ, ապա նախագահին օգտագործած լեզուն հետեւողական է», նշեց Սպիտակ տան բանբերը:

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեան իր կարգին նշեց. «Նախագահ Թրամփը Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտելու եւ յիշատակելու ամերիկեան քաղաքականութեան փոխարէն որոշած է կիրարկել Անգարայի` «բերանը փակելու» քաղաքականութիւնը: Չկարենալով 24 ապրիլին պատշաճօրէն յարգել զոհերու յիշատակը` Թրամփ փաստօրէն ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ուղղուած Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը յանձնեց Ռեճեփ Թայիփ  Էրտողանին` մեծամիտ ու մենատիրական բռնապետ մը, որ հրապարակաւ կ՛ոլորէ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն ձեռքերը` ստիպելով լռել ի տես միլիոնաւոր հայերու, յոյներու, ասորիներու եւ Թուրքիոյ միւս քրիստոնեաներու զանգուածային սպանութիւններուն»:

 

Նախորդը

Մանոյեան. «Թրամփ Իր Առաջին Ելոյթով Շարունակեց Միացեալ Նահանգներուն Որդեգրած Գիծը»

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան Անմեղ Զոհերուն Յիշատակին Նուիրուած Նախաձեռնութիւններ` Արցախի Մէջ

RelatedPosts

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
Ըստ Փաշինեանի.  Նոր Սահմանադրութեան  Բնագիրին Մէջ Պէտք Չէ Ըլլայ Յղում Անկախութեան  Հռչակագիրին
Հայկական

Սահմանադրութեան Նախագիծը Պիտի Հրապարակուի Երկուշաբթի

November 21, 2026
Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ  Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց.  Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ
Գլխաւոր լուրեր

Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց. Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.