
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 33-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը` «Քլասիքօ»-ն տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, երբ իր դաշտին` «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ի մէջ, 81 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Ռէալ Մատրիտ հիւրընկալեց Պարսելոնան:
Թէեւ մրցումը եղաւ բերդապահներու կողմէ ցուցաբերուած քաջագործութիւններու առիթ մը, սակայն մրցումին վերջին խօսքը եղաւ Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին, որ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (92-րդ) նշանակեց իր կազմին երրորդ եւ յաղթանակի կոլը (3-2):
Թէեւ 28-րդ վայրկեանին Քասեմիրօ նշանակեց Ռէալի եւ մրցումին առաջին կոլը, սակայն Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ, երբ Մեսսի նշանակեց իր կոլը (33-րդ):
73-րդ վայրկեանին Իվան Ռաքիթիչ նշանակեց Պարսելոնայի կոլը, մինչ Խեմես Ռոտրիկեզ` Ռէալի հաւասարութեան կոլը (86-րդ):
Նշենք, որ մրցումին 77-րդ վայրկեանին, Սերճիօ Ռամոս իր բիրտ խաղարկութեան պատճառով (Մեսսիի դէմ) կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պարսելոնա իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ Ռէալ Մատրիտէն խլեց պարագլուխի դիրքը, թէեւ վերջինս մրցում մը նուազ կատարած է:


