Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի Սփորթովնի Հալա Քրալովքա մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի սամպոյի պատանիներու, աղջիկներու եւ երիտասարդներու ախոյեանութեան, 25 երկիրներու շուրջ 200 մարզիկներու կարգին էին նաեւ Հայաստանը ներկայացնող 19 երկսեռ մարզիկներ, յայտնեց Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Մրցումներուն առաջին օրը Հայաստանի մարզիկներէն հինգը տիրացան մետալներու:
Պորիս Շատվերեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան, Նարեկ Դալլաքեան տիրացաւ արծաթ մետալի, մինչ Վարսիկ Գրիգորեան, Ֆելիքս Դանիէլեան եւ Վահագն Չալեան ձեռք ձգեցին պրոնզ մետալներ:



