Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ կը շարունակուին Արեւմտեան Ասիոյ կրտսերներու (16 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան մրցումները:
Երէկ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 31 կէտի տարբերութեամբ 78-47 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Յորդանանը (20-7, 38-12, 70-35 եւ 78-47):
Լիբանանի արձանագրած այս յաղթանակը նկատուեցաւ կարեւոր` Ասիոյ ախոյեանութեան իր տոմսը ապահովելու առումով, նկատի ունենալով որ առաջին երկու դիրքերը գրաւողները միայն (ընդամէնը` 5 խումբ) ախոյեանութեան մասնակցելու իրաւունք կ՛ունենան:
Այսօր Լիբանան մրցում չունի կատարելիք:
Շաբաթ, 22 ապրիլին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 14:30-ին, Լիբանանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Սուրիա, իսկ կիրակի, 23 ապրիլին, ժամը 16:30-ին, Լիբանան կը կատարէ իր վերջին մրցումը հիւրընկալ երկրին` Իրանի դէմ: