Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 21 ապրիլին, Շանվիլ կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ը:
Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը17:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Շանվիլի դաշտին` Տիք Մըհտիի մէջ:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ առաջին մրցումին բաւական ծանր պարտութեան մատնեց Շանվիլը` 84-59 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի իրենց ամէն կարելին ընել, որպէսզի արձանագրեն իրենց երկրորդ յաջորդական յաղթանակը:
Նշենք, որ ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն իրենց տոմսերը կ՛ապահովեն այն խումբերը, որոնք 5 մրցումէն, կ՛արձանագրեն 3 յաղթանակ:
Ասկէ մեկնելով, եթէ այսօր ՀՄԸՄ արձանագրէ իր երկրորդ յաղթանակը, երրորդին եւս յաղթանակ մը արձանագրելով պիտի գերազանցէ իր մրցակիցը 3-0 արդիւնքով եւ պիտի չկատարէ իր վերջին երկու մրցումները:


