Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ. Պարտականութեան Ոգիի Բանբերը

April 21, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿՐԷԿՈՒԱՐ ԳԱԼՈՒՍՏ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն

Լիբանանահայ օգնութեան խաչը նախորդ դարու 20-ականներէն սկսեալ զարգացման տարբեր հանգրուաններ անցնելէն ետք այժմ մեզի կը ներկայանայ իբրեւ Լիբանանի հայ համայնքի կնոջական մեծագոյն կազմակերպութիւնը, աշխարհագրական բաւական լայն տարածք ընդգրկող իր 26 մասնաճիւղերով եւ աւելի քան 4000 անդամներով:

ԼՕԽ-ը համայնքային կնոջական կազմակերպութիւններուն մէջ ամենաբազմազանն է նաեւ աշխատանքային ուղղութիւններով. Շրջանային վարչութեան շուրջ երկու տասնեակ յանձնախումբերուն անուանումները կ՛արտայայտեն գործունէութեան դաշտի առաւելագոյն լայնք, որուն երբեւէ հասած ըլլայ որեւէ միութիւն` լիբանանահայոց ամբողջ պատմութեան ընթացքին:

Այսպիսով, քանակական թէ որակական առումներով եւ պատմական թէ այժմէական դիտանկիւններէն, ԼՕԽ-ը կը հանդիսանայ Լիբանանի հայ համայնքին մէջ կնոջ դերակատարութիւնն ու գործուն ներկայութիւնը գերազանցօրէն ամրագրած առաջատար միութիւնը: Անիկա վստահաբար առաջատար մըն է նաեւ համալիբանանեան եւ համահայկական մակարդակներու վրայ եւ իբրեւ այդպիսին, կը գտնուի Արեւելքի նոր կնոջ ծննդոցի ակունքներուն:

ԼՕԽ-ը եղած է ու կը շարունակէ ըլլալ այն միջավայրը, որ հայ կնոջ տուած է անհրաժեշտ բոլոր հնարաւորութիւնները` իր կարողութիւններն ու ներուժը ի սպաս դնելու ընկերութեան զարգացումին եւ անոր խնդիրներու լուծման, այդպիսով զարկ տալով նաեւ այդ յանձնառութիւնը կամաւորաբար կրող անձի զարգացումին: Իսկ երբ նկատի ունենանք, որ այդ անձը, օրինակ, նաեւ մայր մըն է ընտանիքի, կրնանք պատկերացնել, թէ ուր կը հասնի ԼՕԽ-ին ազդեցութիւնը` հայ համայնքի ընկերային ընդհանուր զարգացման գործընթացին մէջ:

Ընկերային գործը հիմնականն է, որ կ՛ընդգծէ ԼՕԽ-ի առաքելութիւնը` գործունէութեան տարբեր բնագաւառներու մէջ: Դաստիարակչական բնոյթը միշտ առկայ է միութեան ծրագիրներուն մէջ, ինչ որ զանոնք կ՛օժտէ անմիջական նպատակներու իրագործումէն անդին գացող` առաւել մնայուն արդիւնքներու ձգտող նշանակութեամբ: Ընկերութեան օգնելու ճամբով ընկերութեան զարգացումին նպաստելու այս հաւատամքը ԼՕԽ-ը կը վերածէ ծառայութեան իւրայատուկ դպրոցի, եւ ծառայութիւնը այն է, ինչ որ կը յատկանշէ տիպար ԼՕԽ-ականը` միութեան ամէն մէկ ձեռնարկի իրականացման հոլովոյթին մէջ: Այդպիսով, ԼՕԽ-ը հայ կնոջ հոգեբանութեան մէջ հիմնական շեշտը կը դնէ պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան ոգիին վրայ, առանց որոնց այնքան դատարկ պիտի հնչէր իրաւունք հասկացութիւնը, որ յաճախ կ՛արծարծուի չարաշահումի համար:

Ինչ որ ունի Լիբանանահայ համայնքը այսօր, կարեւոր չափով մը պարտական է ԼՕԽ-ին: Ինչով, որ կրնայ հպարտանալ հայութիւնը Լիբանանի մէջ ու ներկայանալ արժանապատիւ, արդիւնք է նաեւ մօտ մէկ դարէ ի վեր ԼՕԽ-ական իրերայաջորդ սերունդներու աշխատանքին: Պատի՛ւ` հայ կնոջ, նաեւ անոր համար, որ կրցաւ ստեղծել այս միութիւնը ու զայն կը պահէ գործուն, աշխուժ եւ նպատակասլաց, կենդանի գործի մէջ վառ պահելով վեհագոյնները մարդկային արժանիքներուն, ինչպիսիք են ծառայութիւնը` անտէրին ու անկարին, աջակցութիւնը` կարօտեալին ու ճնշուածին եւ պատասխանատուութիւնը` մարդկային կացութեան նկատմամբ:

ԼՕԽ-ը արժանի է իւրաքանչիւր լիբանանահայու մեծագոյն յարգանքին ու նաեւ` անվերապահ զօրակցութեան: Բոլորս կոչուած ենք աջակից դառնալու «հայ օգնութեան սուրբ գործի ուխտեալներ»-ուն, բարոյապէս թէ նիւթապէս` ի խնդիր հաւաքականութեան բարօրութեան ու զարգացումին:

Պուրճ Համուտ, 10 ապրիլ 2017

 

 

Նախորդը

Տա՛նք ԼՕԽ-ին

Յաջորդը

Ինքզինք Պարտադրող Պատգամը (ԼՕԽ-ի Տարեկան Հանգանակութեան Առիթով)

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.