«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ, Մեքսիքա եւ Քանատա կ՛ուզեն իրենց միացեալ թեկնածութիւնը առաջադրել` հիւրընկալելու համար 2026-ի մոնտիալը:
2018-ի մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ մէջ, իսկ 2022-ի մոնտիալին հիւրընկալ երկիրն է Քաթար:
2026-ի մոնտիալը հիւրընկալելու համար թեկնածութեան առաջադրութիւնը կը սկսի այս տարուան վերջաւորութեան եւ կ՛աւարտի 2020-ին: