Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առողջապահութեան Նախարարին Այցելութիւնը` «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

April 12, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

2017 տարեշրջանի պատուաստի արշաւը արդէն իսկ ընթացք առած է Լիբանանի տարածքին: «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը` իբրեւ մանկախնամ կեդրոն, իւրաքանչիւր ամիս կը պատուաստէ աւելի քան 700 մանուկներ` կանխարգիլելու համար հետագայ հիւանդութիւնները:

Այս առիթով երկուշաբթի, 10 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Գարակէօզեան» հաստատութիւն այցելեց առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի: Նախարարին կ՛ընկերակցէին  Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան Միջերկրականի արեւելեան շրջանի գրասենեակի տնօրէն տոքթ. Մահմուտ Մ. Ֆիքրի, Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան Լիբանանի գրասենեակի ներկայացուցիչ տոքթ. Կապրիէլ Ռիետներեւ, UNHCR-ի Լիբանանի ներկայացուցիչը:

Հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, «Գարակէօզեան» հաստատութեան խորհրդատու մարմինի անդամներուն ընկերակցութեամբ դիմաւորեց հիւրերը, ապա հերթաբար շրջագայեցան հաստատութեան պատուաստներու, մանկաբուժարանի, ընտանեկան բժշկութեան եւ դեղարանի բաժանմունքները եւ մանրամասնօրէն տեղեկացան իւրաքանչիւր բաժանմունքի աշխատելաձեւին մասին, ինչպէս նաեւ կարճ զրոյցներ ունեցան գործող բժիշկներուն, հիւանդապահուհիներուն եւ պարագաներուն հետ:

Աւարտին ներկաները համախմբուեցան տնօրէնութեան գրասենեակին մէջ եւ այնտեղ խօսք առնելով առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի ըսաւ. «Գարակէօզեան» կեդրոնը` իբրեւ առաջնակարգ ընկերաբժշկական կեդրոն, իր լայն ծառայութիւնները կը մատուցէ բոլորին անխտիր. հաստատութիւնը պատուաստումներու ճամբով ո՛չ միայն կը կանխարգիլէ հիւանդութիւնները, այլ նաեւ հետեւողական աշխատանքով կը տրամադրէ անհրաժեշտ բուժումները, իսկ այն պարագաները, որոնք հիւանդանոցի կարիքը ունին, յստակ գրառումով մը կ՛ուղարկէ անոնց. ահաւասիկ այս է ընկերաբժշկական կեդրոններուն գոյութեան հիմնական նպատակը. կանխարգիլել հիւանդութիւնները պատուաստներու ու բժշկական ցուցմունքներու ճամբով եւ թեթեւցնել հիւանդանոց դիմողներուն թիւը»:

Հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան խօսք առնելով շնորհակալութեան խօսք ուղղեց առողջապահութեան նախարարութեան եւ ներկայ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն` նշելով. «Շնորհիւ համագործակցութեան ոգիին` «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը այսօր լայնօրէն իր մարդասիրական ծառայութիւնները կը մատուցէ ժողովուրդին. ձեր կատարած ներդրումներուն շնորհիւ մենք կրցանք հասնիլ հոն, ուր կարիքը կար. պատուաստումները կատարեցինք եւ կը կատարենք լիովին, բժշկական անհրաժեշտ խնամքներն ու ցուցմունքները տուինք եւ կու տանք բոլորին անխտիր, դեղորայքի հայթայթումը կատարեցինք, եւ աւելին` ձեր կատարած մարզումներուն ընդմէջէն մեր պաշտօնեաները յաւելեալ գիտութիւն ու փորձառութիւն ձեռք ձգեցին»:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի «Գարակէօզեան» հաստատութեան խորհրդատու մարմինի փոխատենապետ դոկտ. Ժան Սալմանեան, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ ըսաւ. «Շնորհիւ ձեր աջակցութեան,  մեր հաստատութիւնը մեծ յառաջխաղացք արձանագրեց. սակայն հաստատութիւն մը ուռճանալու համար կարիքը ունի նիւթական սատարումներու. վստահ ենք, որ առողջապահութեան նախարարութիւնն ու միջազգային կազմակերպութիւնները պէտք եղած օժանդակութիւնները պիտի կատարեն»:

Աւարտին Սերոբ Օհանեան հայկական յաւերժութեան նշանը խորհրդանշող յուշանուէրով մը պարգեւատրեց նախարար Ղասսան Հասպանին:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Անտրամաբանական Արարքին Տրամաբանութիւնը

Յաջորդը

Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Երկաթուղագիծը Պիտի Բացուի Երկու Ամիսէն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.