Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի կազմը արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը` 6-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ռասինկի:
Թէեւ ՀՄԸՄ 2-1 արդիւնքով ուշացած էր, բայց յաջողեցաւ տանիլ վերջնական յաղթանակը:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Ֆրետի Չաքըրեան, Սերժ Օսքեան (հեթրիք), Սերուժ Քէշիշեան եւ Յովսէփ Քելեճեան:
Այսպիսով ՀՄԸՄ Ա. հանգրուանի մրցումները աւարտեց 6-րդ դիրքին վրայ` ապահովելով 9 կէտ: