Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, շաբաթավերջին Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ (Զուք) տեղի ունեցան Օլ-սթար-ի մրցումները` ներկայութեամբ մեծաթիւ համակիրներու:
Երկու օրերու վրայ եղող այս մրցումներուն ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբին, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան:
Աղջկանց թրի փոյնթի մրցումին առաջին դիրքը գրաւեց Լամա Մուքատտեմ (Ռիատի, 16 թրի փոյնթ), իսկ երկրորդ դիրքը` Սանտրա Նաժըմ (ՀՄԸՄ Անթիլիաս) եւ Կապրիելլա Ապի Սաատ (Ռիատի)` 15-ական:
Տղոց պարագային, առաջին հանդիսացաւ Տուարիք Սփենսըր (29 թրի փոյնթ, Մութթահետ), իսկ երկրորդ` Ռամել Քարի (20 թրի փոյնթ, Մութթահետ):
Տանքի մրցումին առաջին դիրքը գրաւեց Ալատի Ամինու (Ռիատի):
Իսկ սպասուած մրցումին Պէյրութի ակումբներէն կազմուած խումբը (մարզիչ` Ֆուատ Ապու Շաքրա), 112-103 արդիւնքով յաղթեց Պէյրութէն դուրս կազմուած խումբին (մարզիչ` Ղասսան Սարգիս):
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տուայն Ճեքսըն նշանակեց 52 կէտ:
Նշենք, որ Ֆուատ Ապու Շաքրայի խումբին մաս կը կազմէին Ֆետի Խաթիպ, Նետիմ Սուուէյտ, Էլի Շամուն եւ Տուայն Ճեքսըն (ՀՄԸՄ):
Այլ մրցումով մը տեղի ունեցաւ վեթերաններու ճակատումը, որուն ընթացքին ֆետերասիոնէն դուրս կազմուած խումբը 42-34 արդիւնքով յաղթեց ֆետերասիոնին խումբին: Յաղթական խումբին մաս կը կազմէին նաեւ Խաժակ Պաղտատեան եւ Սարգիս Քորճեան:
Իր տեսակին մէջ եզակի այս Օլ-սթարի մրցումները շատ լաւ անդրադարձ ունեցան լիբանանեան պասքեթպոլի մարզաշխարհին մէջ: