«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին քառորդ աւարտականի երթի ճակատումները տեղի պիտի ունենան այսօր եւ վաղը: Բոլորն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Այսօրուան մրցումին Պարսելոնա հիւրը պիտի ըլլայ Եուվենթուսի, մինչ վաղը Պայէրն Միւնիխ պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը:
Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Պորուսիա Տորթմունտ – Մոնաքօ
Եուվենթուս – Պարսելոնա
ՎԱՂԸ
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Լայսթըր Սիթի
Պայէրն Միւնիխ – Ռէալ Մատրիտ