Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-սիքսի 5-րդ եւ դարձի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ կատարեց իր վերջին մրցումը, 4-3 արդիւնքով յաղթեց Նըմուր Քուրային, բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք:
ՀՄԸՄ 3-0 արդիւնքով յառաջացաւ, ապա իր բերդին մէջ 3 կոլ ստանալէ ետք յաջողեցաւ կոլ մը եւս նշանակելով տանիլ վերջնական յաղթանակը` 4-3 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Զաւէն Լեփեճեան, Արեգ Թասլաքեան, Միքայէլ Նորաշխարհեան եւ Փիեռ Ազզի:
Այժմ ՀՄԸՄ Պէյրութ կը գտնուի սպասողական վիճակի մէջ` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ցարդ իր հետաքննութիւնները չէ աւարտած ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ռապիհ մրցումին գծով, որ մնացած էր անաւարտ:
Կ՛ակնկալուի, որ ֆետերասիոնը յաղթական հռչակէ ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը: