Նախորդ շաբաթավերջին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Չինաստան մեկնեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի պատուիրակութիւնը` հոն Ուուքզիի մէջ իր մասնակցութիւնը բերելու համար 10-16 ապրիլին տեղի ունենալիք Ասիոյ 23-րդ փինկ փոնկի ախոյեանութեան:
Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն` ՀՄԸՄ Պէյրութի խումբին մարզիկ Նոէլ Քէշիշեան, ինչպէս նաեւ` Մարիանա Սահակեան, Ահմետ Մուսթաֆա Հարպ եւ Ղալեպ Ֆահըս:
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին նախագահը` Սելիմ Հաժ Նքուլա, որ կը գլխաւորէ պատուիրակութիւնը, հոն պիտի մասնակցի Ասիոյ փինկ փոնկի ֆետերասիոնին համագումարին:
Աղջկանց պատուիրակութիւնը, որ մաս կազմեց Զ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ղազախստանը, Յորդանանը եւ Փաքիստանը, մինչ տղոց խումբը (Գ. խմբակ)` Հարաւային Քորէան, Մոնկոլիան եւ Մաքաոն:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան նկատի առնուած է նաեւ լիբանանցի միջազգային իրաւարար Ժոզեֆ Աքիքին: