
Խրուաթիոյ Սփլիթ քաղաքին մէջ ընթացող ծանրաբարձութեան Եւրոպայի ախոյեանութեան ընթացքին Հայաստանը ներկայացնող 105 քիլոկրամ Սիմոն Մարտիրոսեան նուաճեց ոսկիէ մետալ: 20-ամեայ մարզիկը երկամարտին մէջ ցոյց տուած 414 քիլոկրամ (184+230) արդիւնքով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան` նուաճելով նաեւ 2 փոքր ոսկիէ մետալ:

Ծանրաբարձութեան Հայաստանի հաւաքականի անդամ, ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր Գոռ Մինասեանը դարձաւ Եւրոպայի փոխախոյեան, իսկ Ռուբէն Ալեքսանեանը` պրոնզէ մետալակիր: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, խրուաթական Սփլիթ քաղաքին մէջ ընթացող Եւրոպայի ախոյեանութեան ընթացքին պայքարի մէջ մտան գերծանր կշիռքի մարզիկները: Հայաստանը ներկայացնող Գոռ Մինասեան բարձրացուց 211 քիլոկրամ` նուաճելով փոքր արծաթէ մետալ: Երկամարտի 446 քիլոկրամ արդիւնքով Մինասեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր: Նոյն կշիռքի կարգին մէջ Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը` Ռուբէն Ալեքսանեան երկամարտի 434 քիլոկրամ արդիւնքով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր:


