Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանքը Դարձեալ Ծաղկազարդուեցաւ. Հազարաւոր Մանուկներ Մասնակցեցան Ծաղկազարդի Աւանդական Թափօրին

Ապրիլ 10, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 9 ապրիլ 2017-ին Ծաղկազարդի տօնը արժանաւորապէս նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` մասնակցութեամբ հազարաւոր մանուկներու, երիտասարդ-երիտասարդուհիներու եւ հաւատացեալներու, որոնք եկեղեցական արարողութեամբ ու աւանդական թափօրով դիմաւորեցին Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Գեղամ արք. Խաչերեան մատուցեց Ս. պատարագ, որուն սկիզբը մանուկներու աւանդական թափօրը առաջնորդուեցաւ միաբան հայրերու եւ դպրեվանեցիներու մասնակցութեամբ: Թափօրը դուրս եկաւ Մայր տաճարէն եւ, մայրավանքի տարածքը շրջան ընելով, վերադարձաւ մայրավանքի շրջափակ: Թափօրի աւարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ վեհարանէն ողջունեց ու իր պատգամը փոխանցեց ներկայ հազարաւոր բազմութեան:

Իր պատգամին մէջ նորին սրբութիւնը ըսաւ. «Մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու յատկապէս մեր ծնողներուն ու մանուկներուն բազմահազար ներկայութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքը դարձեալ ծաղկազարդուեցաւ: Այսօր եկաք հոգեւոր ապրումներով դիմաւորելու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ: Քրիստոս խոնարհ մուտք ունեցաւ Երուսաղէմ, սակայն` յաղթակա՛ն մուտք: Յաղթական, որովհետեւ ժողովուրդը հաւատքի մղումով եկաւ զինք դիմաւորելու. յաղթական, որովհետեւ Ան արդէն հասած էր իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին` այս երկրին վրայ հաստատելով Իր երկնային թագաւորութիւնը: Այսօր մենք նաեւ ազգային տեսիլքով կ՛ողջունենք Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ: Դարեր շարունակ մենք այս նոյն ոգիով ու հաւատքով դիմաւորեցինք զՔրիստոս, որովհետեւ Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին մէջ մենք տեսանք մեր ժողովուրդին յաղթանակը աշխարհի չարերուն ու չարիքներուն դէմ: Մենք տեսանք մեր ժողովուրդին կեանքին ծաղկազարդումը: Այսօր նայեցէք ձեր շուրջը, հակառակ մեր դիմագրաւած մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, ծաղկազարդուած է հայ կեանքը` Հայաստանի, Ղարաբաղի թէ սփիւռքի մէջ: Այսօր, Ծաղկազարդի տօնէն եկող խորհուրդով ու պատգամով աւելի գօտեպնդուած ու վերանորոգուած, մենք կոչուած ենք աւելիո՛վ պայծառակերպելու ու ծաղկազարդելու մեր կեանքը` հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու կենսաւորումով, մեր ազգային իղձերու ամրապնդումով, մեր պետական հիմքերու ամրացումով, Ղարաբաղի անկախութեան հզօրացումով, մեր սփիւռքի գաղութներու առաւել կազմակերպումով»:

Հայրապետական պատգամէն անմիջապէս ետք, բազմահազար մանուկներ բարձրացան վեհարան ու աջահամբոյրով ստացան նորին սրբութեան հայրական օրհնութիւնը: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը նուէրներ բաշխեց մանուկներուն` աւելի եւս ուրախացնելու զանոնք այս տօնական մթնոլորտին մէջ:

Նոյն օրը` յետմիջօրէին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի խորհրդաւոր արարողութիւնը: Դռնբացէքի արարողութիւնը կատարեց Գեղամ արք. Խաչերեան: Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը Դռնբացէքին իմաստը ու պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն:

Այսպիսով, հայ եկեղեցին մուտք գործեց Յիսուս Քրիստոսի տնօրինական կեանքի վերջին շրջանը ներկայացնող Աւագ Շաբաթը` ոտնլուայի ճամբով հետեւելու Քրիստոսի օրինակին, Վերջին Ընթրիքով ճաշակելու Անոր մարմնէն, մասնակից դառնալու Անոր չարչարանքներուն եւ Յաղթական Յարութեամբ պսակելու յառաջիկայ Սուրբ Շաբաթը:

 

 

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ ԶՈՄ-ի Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակին` Միջհամալսարանական Զարգացման Մրցում

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?