Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին, շաբաթ, 8 ապրիլ 2017-ին տեղի ունեցաւ միջհամալսարանական զարգացման մրցում մը «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն, Հայկազեան համալսարանէն, Լիբանանեան համալսարանէն, Լիբանանի ամերիկեան համալսարանէն (Պէյրութ եւ Ժիպէյլ), Սէն Ժոզեֆ համալսարանէն եւ Նոթր Տամ համալսարանէն 12 խմբակներու: Իւրաքանչիւր խմբակ կը բաղկանար 3 անձերէ:
Զարգացման մրցումը բաժնուած էր 7 նիւթերու` ազգային, գրականութիւն, աշխարհագրութիւն, պատմութիւն, գիտութիւն, մարզական եւ մշակութային: Առողջ մրցակցութեան աւարտին յաղթական հռչակուեցաւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի խումբը: Պարգեւն էր 500 հազար լիբանանեան ոսկիի գումար մը, որ պիտի տրուի յաղթական համալսարանի հայկական ակումբին: