Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն յայտնեց, որ յառաջիկայ երկուշաբթի օր ինք հանդիպումներ պիտի ունենայ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհասի հետ` քննարկելու համար աշխատավարձի յաւելման բացթողումները:
Ղոսըն ընդգծեց, որ ինք պիտի պահանջէ սրբագրել այդ բացթողումները:
Իր կարգին, աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս շեշտեց, որ աշխատավարձերու յաւելման սրբագրումը գործադուլով չի պայմանաւորուիր, այլ` երկրին ընկերային – տնտեսական կացութեամբ:
Այլ գետնի վրայ, Շարպել Նահհաս շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը մերժող Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի կեցուածքին:


