
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած միակ մրցումին, Մինեսոթա Վուլվզ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը, մէկ կէտի տարբերութեամբ` 110-109 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Քարլ – Անթոնի Թաունզ (Վուլվզ) նշանակեց 34 կէտ, մինչ Տեմիըն Լիլարտ (Պլէյզըրզ)` 25 կէտ:
Սակայն հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Պլէյզըրզ կը պայքարի ապահովելու Արեւմտեան շրջանի փլէյ-օֆի մրցումներուն 8-րդ եւ վերջին տոմսը:
Արեւմտեան շրջանէն իրենց տոմսերը ապահոված եօթը խումբերն են.
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, Սան Անթոնիօ Սփըրզ, Հիուսթըն Ռոքեթց, Եութա Ճեզ, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, Օքլահոմա Սիթի եւ Մեմֆիս Կրիզլիզ:
Այս շրջանէն փլէյ-օֆի մրցումներէն ցարդ դուրս մնացած են Տալաս Մավըրիքս, Մինեսոթա Վուլվզ, Սաքրամենթօ Քինկզ, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ եւ Ֆէոնիքս Սանզ:
Ինչ կը վերաբերի Արեւելեան շրջանին, ցարդ փլէյ-օֆի իրենց տոմսը ապահոված խումբերն են` Պոսթըն Սելթիքս, Քլիվլենտ Քաւալիրզ, Թորոնթօ Ռեփթըրզ եւ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ: Իսկ փլէյ-օֆի մրցումներէն դուրս մնացած են` Նիւ Եորք Նիքս, Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ, Օրլանտօ Մեճիք եւ Պրուքլին Նեթց:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Պրուքլին Նեթց
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Շարլոթ Հոռնեթց
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Օրլանտօ Մեճիք
Ինտիանա Փէյսըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Նիւ Օրլինզ – Տենվըր Նակեթց
Օքլահոմա Սիթի – Միլուոքի Պաքս
Նիւ Եորք Նիքս – Շիքակօ Պուլզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Եութա Ճեզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Տալաս Մավըրիքս