Փորթուգալեան Քանելաս ֆութպոլի խումբի յառաջապահ Մարքօ Կոնցալվեշ երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ ցմահ կախակայուեցաւ` իր կազմին կատարած մրցումին ընթացքին օրուան կեդրոնի իրաւարարին գլխուն ծունկով հարուածած ըլլալուն պատճառով, կը յայտնէ Goal.com:
Ան մրցակից կազմի մէկ մարզիկին հարուածած ըլլալուն պատճառով օրուան իրաւարարէն կարմիր քարտ ստանալով բաւական զայրացած վիճակի մէջ ըլլալուն համար, այս անգամ իր զոհը դարձուցած էր իրաւարարը, որ ծունկի այդ ուժգին հարուածը իր գլուխէն ստանալով գետին ինկած էր: