Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՏԷ-ն, մարտ ամսուան արդիւնքներուն հիմամբ հրապարակեց ապրիլ ամսուան միջազգային նոր դասաւորումը:
Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան մնաց իր դիրքին վրայ` 9-րդ, իր տրամադրութեան տակ ունենալով 2774 կէտ:
2677 կէտով 67-րդ դիրքը կը գրաւէ Սերկէյ Մովսիսեան, Վլատիմիր Յակոբեան (2675) 70-րդ դիրքին վրայ է, իսկ 86-րդ դիրքին վրայ է Գաբրիէլ Սարգսեան (2666):
Պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն (2838), Ուեսլի Սօ (Միացեալ Նահանգներ) կը գտնուի 2-րդ դիրքին վրայ (2822), իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ այլ ամերիկացի մը` Ֆապիանօ Քարուանօ (2817):