Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի նախկին յառաջապահ Գէորգ Կարապետեան ճանչցուեցաւ իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութեան («Մէյճըր լիկ») շաբթուան լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Արարատի եւ Բանանցի նախկին յառաջապահը, որ մաս կը կազմէ Հայլենտըրզ խումբին, Քալ Արսենալի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (4-1), նշանակեց իր կազմին չորս կոլերը:
Ան այս մրցումին դաշտ ներկայացաւ ամբողջ 90 վայրկեան:



