
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները, եւրոպական հինգ կարեւոր երկիրներուն` Անգլիոյ, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ:
Լիվըրփուլ քաղաքի տերպիի մրցումին յաղթականը հանդիսացաւ Լիվըրփուլ, որ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Էվըրթընը:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Չելսի իր դաշտին վրայ անակնկալ պարտութիւն մը կրեց վարին դիրքերը գրաւող Քրիսթալ Փալասէն (16-րդ):
Մանչեսթըր Եունայթըտ չկրցաւ յաղթել իր հիւրին` Ուեսթ Պրոմուիչին եւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ դաշտ ներկայացաւ իբրեւ հիմնական մարզիկ, 74-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ Ուէյն Ռունիով:
Իտալիոյ մէջ, շաբթուան գագաթի ճակատումին, Նափոլի հիւրընկալեց Եուվենթուսը:
Այս մրցումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ: Նշենք, որ այժմ Եուվէ 6 կէտով միայն կը գերազանցէ Ա. Էս. Ռոման (2-րդ):
Սպանիոյ մէջ ՌԷալ Մատրիտ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ալաւեսը: Քարիմ Պենզեմա (31-րդ), Իսքօ (85-րդ) եւ Նաչօ Ֆեռնանտես (88-րդ) նշանակեցին Ռէալի կոլերը` շուրջ 77 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Իր կարգին, Պարսելոնա յաղթեց Կրանատայի` 4-1 արդիւնքով: Լուիս Սուարեզ (44-րդ), Ֆրանչիսքօ Ալքասեր (64-րդ), Իվան Ռաքիթիչ (83-րդ) եւ Նէյմար (90-րդ) նշանակեցին Պարսայի կոլերը:
Գերմանիոյ մէջ Պայէրն Միւնիխ անխնայ եղաւ Օկզպուրկի նկատմամբ, երբ արձանագրեց 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ռոպերթ Լեվանտովսքի հեթրիք մը իրագործեց (17-րդ, 55-րդ եւ 79-րդ), Թոմաս Միւլըր նշանակեց երկու կոլ (36-րդ եւ 80-րդ), իսկ վեցերորդ կոլը նշանակեց Թիակօ Ալքանթարա (62-րդ):
Մրցումին ներկայ էր 75 հազար հանդիսատես:
Պայէրն Միւնիխ այժմ 13 կէտի առաւելութիւն մը ունի 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Լայփցիկի վրայ, որ իր կարգին յաղթեց:
Ֆրանսայի մէջ Մարսէյ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Տիժոնի հետ:
Մարսէյ, որ այժմ ունի 47 կէտ, 25 կէտով ետ կը մնայ առաջին դիրքը գրաւող Մոնաքոյէն:


