Հակառակ երէկ տեղացած անձրեւին, Պէյրութի միջազգային մարաթոնի միութեան կազմակերպած երիտասարդներու վազքի մրցաշարքը (Տըպպայէի շրջան, Մարինա) տեղի ունեցաւ մեծ հետաքրքրութեամբ: Քանի մը հազար երկսեռ վազողներ մասնակցեցան տարբեր երկարութիւն ունեցող վազքի մրցումներուն:
Տեղի ունեցան 2 եւ 5 քմ վազքի մրցումները, ինչպէս նաեւ շարժական աթոռով մրցումները:
Պէտք է ըսել, որ վազքի այս մրցաշարքը բաւական լաւ կազմակերպուած էր:



