Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին ընդառաջ, «Արթ իզ ֆոր փիս» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, հայ եւ օտար յայտնի երգիչները հանդէս կու գան «Այլեւս երբեք» խորագիրը կրող համերգաշրջանով: Մինչեւ 2015 խումբը համերգներով պիտի հիւրընկալուի Քանատա, Եւրոպա եւ արեւելեան երկիրներ: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանի (Հ1) «Առաջին լրատուական»ը:
Լոս Անճելըսի մեծագոյններէն մէկը նկատուող վեց հազար տեղնոց «Կիպսըն» ամփիթատրոնին մէջ 1 նոյեմբերին պիտի տրուի Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին նուիրուած համերգաշրջանի սկիզբը:
«Այլեւս երբեք» նախաձեռնութեան կը մասնակցին համաշխարհային ճանաչում վայելող աստղեր` Սթիվի Ուոնտըրի եւ Մայքըլ Սթոնի գլխաւորութեամբ: Ծրագիրին կը մասնակցի նաեւ Արթօ Թունջպոյաճեան: Նախաձեռնութիւնը Ֆլորա Մարտիրոսեանինն է, որուն կատարումով «Տլէ Եաման» երգը յուզած է Շերըն Սթոնի եղբայրը` Մայքըլ Սթոնը, որ «Տլէ եաման» եւ «Քելէ լաօ» երգերը թարգմանած է անգլերէն եւ դարձած երգչուհիին աջակիցը այս նախաձեռնութիւնը իրականացնելու գործով:
«Սա լինելու է սկիզբը. մինչեւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակը մենք աշխատելու ենք բազմաթիւ երկրներում», նշած է Ֆլորա Մարտիրոսեան եւ աւելցուցած. Մեզ հետ միացել են ամերիկացիներ, օտարներ. հէնց դա է կարեւոր»:
Ամերիկացի աստղերը նշած են, որ իրենց համար կարեւոր է իրենց ձայնը միացնել ցեղասպանութիւններու կանխարգելման ու խաղաղութեան հաստատման նուիրուած այս նախաձեռնութեան:
«Մենք ասում ենք, որ քսան տարուայ անկախ պետութիւն` Հայաստան անունով, մարդկութեանն ու աշխարհին քարոզում է խաղաղութիւն: Ո՛չ ասել ցեղասպանութիւններին, ո՛չ ասել ահաբեկչութիւններին, ո՛չ ասել պատերազմներին», ըսած է Ֆլորա Մարտիրոսեան:
Համերգաշրջանը կը նախատեսուի ամփոփել 2015-ին` Երեւանի մէջ, մեծ աստղերու մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք մեծ համերգով:


