Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՊՀ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏԸ

October 15, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նիստէն պահ մը

Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) անդամ պետութիւններու ներքին գործոց նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստը:

Նիստին սկիզբը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Ռաշիտ Նուրկալիեւ ԱՊՀ ներքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նախագահութեան լիազօրութիւնները փոխանցեց Հայաստանի ոստիկանապետ Ալիք Սարգսեանի:

Նիստի մասնակից ԱՊՀ անդամ 10 երկիրներու ներկայացուցիչներուն կողքին Երեւան կը գտնուի նաեւ Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարար Ռամիլ Ուսուպով: ԱՊՀ ներքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանեցին նաեւ Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի, Մոլտաւիոյ, Ռուսիոյ, Տաճիկիստանի, Ուզպեքիստանի եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւնները:

ԱՊՀ ներքին գործոց նախարարներու երեւանեան նիստին երէկ ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Քրէական ոստիկանութեան միջազգային կազմակերպութեան (Ինթըրփոլ)  ընդհանուր քարտուղար Ռոնալտ Նոպլ:

Երեւանեան նիստին ընթացքին քննարկուեցան ոճիրներու դէմ պայքարին մէջ ԱՊՀ երկիրներու ներքին գործոց  նախարարութիւններու մարմիններու հետագայ համագործակցութեան կատարելագործման եւ համակարգման վերաբերող հարցեր:

Օրակարգը բաղկացած էր 8 կէտերէ, որոնց շարքին կը գտնուէին ԱՊՀ անդամ երկիրներու ներքին գործոց նախարարութիւններու գերակայ խնդիրները եւ ոճիրներու դէմ պայքարի միջպետական ծրագիրներու իրականացման ընթացքը, տեղեկատուական արհեստագիտութեան կիրարկումով կատարուող ոճիրներու դէմ պայքարին մէջ ԱՊՀ պետութիւններու համագործակցութեան հայեցակարգի եւ ԱՊՀ պետութիւններու իրաւասու մարմիններու կողմէ քրէական գործերով իրեղէն ապացոյց հանդիսացող թմրամիջոցներու, հրազէնի եւ զինամթերքի փոխանցման վերաբերեալ արձանագրութեան նախագիծին քննարկումը:

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան մասնակցեցաւ նիստին եւ ողջոյնի խօսք արտասանեց:

Ան նշեց, որ նիստը տեղի կ՛ունենայ այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ ԱՊՀ երկիրներուն մէջ կը զարգանան հասարակական, քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական նոր յարաբերութիւններ եւ կը ստեղծուի օրէնսդրական նոր դաշտ: Հայաստանի վարչապետը ընդգծեց, որ այս ամէնը ԱՊՀ անդամ պետութիւններու իրաւապահ մարմիններուն առջեւ կը ստեղծէ նոր խնդիրներ` ժամանակակից մարտահրաւէրները եւ սպառնալիքները դիմագրաւելու համար: «ԱՊՀ երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող արագ, իսկ երբեմն ալ անկանխատեսելի քաղաքական հոլովոյթները, տնտեսական բացասական երեւոյթները, ինչպէս նաեւ անոնց ազդեցութիւնը աւելի համոզիչ կը դարձնեն այն փաստը, որ անհրաժեշտ է ոչ միայն համաձայնութեան գալ գործողութիւններու միասնական ռազմավարութեան շուրջ, այլեւ ամրապնդել իրարու միջեւ հետագայ համագործակցութիւնը», նշեց Հայաստանի վարչապետը:

Վարչապետ Սարգսեան նշեց, որ ահաբեկչութիւնը, կազմակերպուած ոճիրը, թմրամիջոցներու եւ զէնքի անօրինական շրջանառութիւնը, անօրինական արտագաղթը եւ մարդոց վաճառքը քաղաքական եւ տարածքային սահմաններ չեն ճանչնար:

Վարչապետը նաեւ ընդգծեց, որ այս երեւոյթները այսօր արդէն մեծ մարտահրաւէրներ կը ներկայացնեն, իրական ուժ` ունակ հակադրուելու պետական հիմնարկներուն եւ լուրջ սպառնալիք հանդիսանալու պետութիւններու ազգային ապահովութեան կայունացման: Ան անհրաժեշտ նկատեց միասնական եւ արդիւնաւէտ դիմակայութիւն ցուցաբերել ոճիրի միջազգայնացման հոլովոյթներուն եւ ոճիրի աւելի վտանգաւոր դրսեւորումներուն դէմ:

 

Նախորդը

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ ՏԱՐԱԾՈՒԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.