
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Սթաւրոս Լամպրինիտիսը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու տեղի ունեցող շրջանային իրադարձութիւնները:
Նախագահ Սլէյման Լամպրինիտիսին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի եւ անոր զբօսաշրջութեան, վերաշինութեան եւ ներդրումներուն նկատմամբ Յունաստանի ցուցաբերած զօրակցութեան համար:
Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց նաեւ, որ Լիբանան կառչած կը մնայ պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամ ըլլալու Պաղեստինի իրաւունքին:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան կարգ մը շրջաններու մէջ արձանագրուած միջադէպերուն մանրամասնութիւնները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, որ նախագահին հետ քննարկեց առողջապահութեան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Ալի ֆայեատ եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի:
ՊԸՐՐԻԻ ՄՕՏ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Սթաւրոս Լամպրինիտիսը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ներկայութեամբ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Թալալ Սահիլիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-կիպրական ծովային սահմանագծումին առիթով Կիպրոսի հետ խորհրդակցութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց Յունաստանին, որուն ծովուժը մաս կը կազմէ հարաւային Լիբանանի մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ծովուժին:


