Երէկ Լիմասոլէն (Կիպրոս) Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձաւ Ֆինիքիա – Սուրի պատուիրակութիւնը` Կիպրոսի միջազգային մարաթոնին իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք:
Լիբանանեան ակումբը Կիպրոսի մէջ արձանագրեց տպաւորիչ արդիւնքներ:
5 քմ վազքի մրցումներուն Պալեհ Համիէ հանդիսացաւ առաջին, իսկ Ահմետ Շուր` երկրորդ:
Իսկ, աղջկանց 5 քմ վազքին մրցումին Ղիա Մըթէյրեք գրաւեց 2-րդ դիրքը:
Ակումբին նախագահը` Սալահ Ֆարրան, մարզիկներուն արձանագրած այս արդիւնքները նկատեց բաւական լաւ, մանաւանդ որ անոնք իբրեւ մրցակից ունեցան միջազգային բազմաթիւ աթլեթներ:
 
			


