Հայաստանի ֆութպոլի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ թրքական Անթալիա քաղաքին մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին, երէկ կատարեց իր առաջին մրցումը` Գերմանիոյ դէմ:
Հայրենի կազմը բաւական ծանր պարտութեամբ սկսաւ իր մրցումներուն, երբ 10-1 արդիւնքով տեղի տուաւ իր մրցակիցին դիմաց:
Թէեւ 30-րդ վայրկեանին Արմէն Յովհաննիսեան նշանակեց Հայաստանի հաւասարութեան կոլը, բայց այդ կոլէն ետք Գերմանիա պատասխանեց 9 անգամ:
25 մարտին Հայաստան կը մրցի Թուրքիոյ դէմ, իսկ 28 մարտին` Ֆինլանտայի դէմ:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Արտակ Օսէյեան: