Հայաստանի 2016 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Հենրիխ Մխիթարեան, իսկ յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Գէորգ Ղազարեանն ու Մարքոս Փիցելլին:
Լաւագոյն մարզիչ ճանչցուեցաւ Վարդան Բիչախչեանը:
Տարբեր պատճառներով անոնք վերջին ամիսը չկրցան Հայաստան գտնուիլ:
Այժմ, նկատի ունենալով, որ բոլորն ալ Հայաստան կը գտնուին, իրենց մրցանակները պիտի ստանան այսօր, յատուկ արարողութեան մը ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ակադեմիային մէջ: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը:



