
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան ութ ճակատումներ:
Հակառակ անոր որ Փոլ Ճորճ նշանակեց 37 կէտ, իր կազմը` Ինտիանա Փէյսըրզ, 109-100 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պոսթըն Սելթիքսէն:
Նոյնպէս անբախտ գտնուեցաւ Քիրի Ըրվինկ, թէեւ ան նշանակեց 33 կէտ, բայց անոր կազմը` Քլիվլենտ Քաւալիրզ, 126-113 արդիւնքով պարտուեցաւ Տենվըր Նակեթցէն:
Երէկուան մրցումներէն ետք ցարդ միայն հինգ խումբեր` Քլիվլենտ Քաւալիրզ, Պոսթըն Սելթիքս (Արեւելեան շրջան), Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, Սան Անթոնիօ Սփըրզ եւ Հիուսթըն Ռոքեթց (Արեւմտեան շրջան), ապահոված են փլէյ-օֆի մրցումներուն իրենց տոմսը:
Իսկ երեք խումբեր` Պրուքլին Նեթց Արեւելեան (շրջան), Ֆէոնիս Սանզ եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (Արեւմտեան շրջան), պաշտօնապէս դուրս մնացած են փլէյ-օֆէն:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Օրլանտօ Մեճիք – Շարլոթ Հորնեթց | 102-109 |
Պոսթըն Սելթիքս – Ինտիանա Փէյսըրզ | 109-100 |
Շիքակօ Պուլզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ | 117-95 |
Օքլահոմա Սիթի – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ | 122-97 |
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Աթլանթա Հոքս | 104-100 |
Տենվըր Նակեթց – Քլիվլենտ Քաւալիրզ | 126-113 |
Սաքրամենթօ Քինկզ – Միլուոքի Պաքս | 98-116 |
Եութա Ճեզ – Նիւ Եորք Նիքս | 108-101 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Պրուքլին Նեթց – Ֆէոնիքս Սանզ
Մայեմի Հիթ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Տալաս Մավըրիքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Նիւ Եորք Նիքս