Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ` Փիեռ Քախիա, Սփորթց-Մանիա ընկերութեան տնօրէն Թարեք Ապպուտի հետ կնքեց պայմանագրութիւն մը Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ):
Սփորթց Մանիա այս տարեշրջանին յանձն պիտի առնէ Լիբանանի 18 տարեկանէն վար տարիքային ախոյեանութեան մրցումներուն կազմակերպումը:
Ախոյեանութիւնը սկիզբ պիտի առնէ ապրիլ ամսուան առաջին շաբաթը, մասնակցութեամբ` 30 խումբերու, որոնք պիտի բաժնուին վեց խմբակի, իւրաքանչիւրը` 5 խումբ:
Նշուեցաւ, որ իւրաքանչիւր մրցումէ ետք տեղի պիտի ունենայ լաւագոյն մարզիկի եւ կոլսքորըրի ընտրութիւն, անոնց պիտի յանձնուի համապատասխան փոքր բաժակ մը կամ մետալ մը:
Այլ գետնի վրայ ֆետերասիոնը շնորհաւորեց Ռիատի ակումբը, որ Յորդանանի մէջ տիրացաւ Արեւմտեան Ասիոյ ակումբներու ախոյեանութեան տիտղոսին: