Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ նախագահ Ժան Համմամի, այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի:
Անոր կ՛ընկերանար փոխնախագահ Հաշեմ Հայտար եւ ընդհանուր քարտուղար, հանգստեան կոչուած զօրավար` Հասսան Ռըսթոմ:
Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու կարելիութիւնները, որպէսզի ողիմպիականին մարզին մէջ մի՛շտ ըլլան յառաջխաղացքներ, բնականաբար` նախարարին օժանդակութեամբ:
Ողիմպիականի պատուիրակութիւնը նախարար Ֆընէյշի ուշադրութեան յանձնեց նաեւ այն, որ 2004-629 օրէնքը փոփոխութեան պէտք է ենթարկուի: