Այսօր` Սաժես – Մութթահետ

PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ Մէյրուպա – Թատամոն մրցումը:
Անիկա աւարտեցաւ Թատամոնի յաղթանակով` 85-80 արդիւնքով:
Մրցումին ամէնէն աւելի կէտ նշանակեց Թատամոնէն Մորիս Քեմփ (32), իսկ Մէյրուպայէն Էմանուէլ Ճոնզ նշանակեց 24 կէտ:
Մէյրուպա, թէեւ մրցում մը եւս ունի, սակայն անիկա արդէն իսկ դուրս մնացած է ֆայնըլ-էյթ-ի մրցումներէն` Հուփսին նման:
Այս հանգրուանի ծիրին մէջ այսօր, ժամը 20:30-ին, Ղազիրի իր դաշտին վրայ Սաժես կը հիւրընկալէ Մութթահետը:


