Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԵՒ ՀԱՄԱՍԻ ՄԻՋԵՒ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՄԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ ՕՐ

October 15, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կիլատ Շալիթ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը յայտարարեց, որ գերիներու փոխանակման Համաս-Իսրայէլ համաձայնութեան գործադրութեան առաջին հանգրուանին ծիրին մէջ, Համասի կողմէ գերեվարուած իսրայէլացի զինուոր Կիլատ Շալիթի եւ 450 պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ երեքշաբթի օր:

Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Նեթանիահուի կողմէ նշանակուած միջնորդ Տէյվիտ Միտան շաբաթ երեկոյեան Գահիրէ պիտի ուղղուի Համասի հետ եւ եգիպտական միջնորդութեամբ գերիներու փոխանակման գործողութեան վերջին ճշդումները կատարելու համար: Կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանտերու վարչութիւնը շաբաթ երեկոյեան կամ կիրակի առաւօտեան պիտի հրապարակէ ազատ արձակուելիք գերիներուն անունները, որպէսզի իսրայէլեան կազմակերպութիւններուն եւ ընտանիքներուն առիթ տրուի բողոք ներկայացնելու Իսրայէլի գերագոյն դատարանին, որ հարցը քննարկելու համար 48 ժամ ունի:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Շալիթ Կազայէն Եգիպտոս կրնայ փոխադրուիլ, որմէ ետք ուղղաթիռով իսրայէլեան զօրակայան մը, ուր զինք պիտի դիմաւորեն իր ընտանեկան պարագաները եւ նախքան տուն վերադառնալը բժշկական քննութիւններու պիտի ենթարկուի:

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր.Պենի Կանց Շալիթի ծնողներուն հետ Արեւմտեան Գալիլիոյ մէջ գտնուող Մացիպա Հիլա գիւղին մէջ անոնց բնակարանին մէջ հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց, որ Շալիթ յառաջիկայ երեքշաբթի օր Իսրայէլ պիտի վերադառնայ: Ան ըսաւ, որ Միջազգային կարմիր խաչը Ռաֆահի անցքի ճամբով Շալիթը Կազայէն եգիպտական զօրակայան մը պիտի փոխադրէ, ուրկէ ցամաքի կամ օդի ճամբով Իսրայէլ պիտի փոխադրուի` աւելցնելով, որ իսրայէլացի պաշտօնատարներ Եգիպտոսի մէջ անոր առաջին բժշկական քննութիւնները պիտի կատարեն:

Պաղեստինեան Ժողովրդային դիմադրութեան յանձնախումբերու բանբեր Ապու Ժիհատ իր կարգին «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ գերիներու փոխանակումը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի օր: Նախ եւ առաջ Իսրայէլ պիտի սկսի ազատ արձակել 450 պաղեստինցի գերիներ, որմէ ետք Շալիթ Եգիպտոսի պիտի յանձնուի, եւ վերջինս իր կարգին մէկ օր ետք զինք Իսրայէլի պիտի յանձնէ: Ան ըսաւ, որ Շալիթը Եգիպտոս փոխադրելու գործողութիւնը պիտի սկսի, երբ ստոյգ դառնայ, թէ Իսրայէլ բոլոր գերիները ազատ կ՛արձակէ:

 

Նախորդը

ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ԱՊԱՔԻՆՄԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԳԷՈՐԳ ԱԲԷԼԵԱՆԻ` «ԱԶԴԱԿ»Ի ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԿՈՂՄԷ

Յաջորդը

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ԵՐԿԱՅՆՔՈՎ ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏ ԿԸ ԿԱՌՈՒՑԷ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.