Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախաստորագրուեցաւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը

Մարտ 22, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ 21 մարտին նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան Արեւելեան գործընկերութեան, Ռուսիոյ, Կեդրոնական Ասիոյ, շրջանային համագործակցութեան եւ ԵԱՀԿ-ի հարցերով տնօրէն Լիւք Տեւինը եւ  Եւրոպական յանձնաժողովի առեւտուրի գլխաւոր տնօրէնութեան ստորաբաժանման ղեկավար Փեթրոս Սուրմելիսը:

Նախարար Նալբանդեան ողջունեց Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը նախաստորագրելու նպատակով Եւրոպական Միութեան պաշտօնեաներու այցելութիւնը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ փաստաթուղթը նոր էջ կը բանայ Հայաստանի ու  Եւրոպական Միութեան եւ անոր անդամ երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ:

Էդուարդ Նալբանդեան շեշտեց, որ համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի այս տարուան ընթացքին եւ աւելցուց, որ անիկա կ՛արտացոլէ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններու  խորութիւնը, մակարդակը եւ ծաւալը: Արտաքին գործոց նախարարը  ընդգծեց, որ փաստաթուղթով կը շեշտուի այն կարեւորութիւնը, որ Հայաստանը կու տայ Եւրոպական Միութեան հետ իր համագործակցութեան:

Հանդիպումին յաջորդեց Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ  Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի նախաստորագրումը:

Հայաստանի Հանրապետութեան անունով համաձայնագիրը նախաստորագրեցին գլխաւոր բանակցող, արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեան, ինչպէս նաեւ առեւտրական հարցերով բանակցող, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու  նախարարի առաջին տեղակալ Գարեգին Մելքոնեան: Եւրոպական Միութեան անունով նախաստորագրեցին գլխաւոր բանակցող, Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան Արեւելեան գործընկերութեան, Ռուսիոյ, Կեդրոնական Ասիոյ, շրջանային համագործակցութեան եւ ԵԱՀԿ-ի հարցերով տնօրէն Լիւք Տեւին, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան կողմի առեւտուրի հարցերով բանակցող, Եւրոպական յանձնաժողովի առեւտուրի գլխաւոր տնօրէնութեան ստորաբաժանման ղեկավար Փեթրոս Սուրմելիսը:

Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն
Միացեալ Յայտարարութիւն

«Համաձայնագիրը Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու շրջագիծը ընդլայնելու կարեւոր քայլ կը հանդիսանայ»: Այս մասին նշուած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն միացեալ յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի նախաստորագրման առիթով:

«Համաձայնագիրը կ՛ամրապնդէ քաղաքական երկխօսութիւնը եւ ամուր հիմք կը ստեղծէ տնտեսական եւ ընկերային բարեփոխումները շարունակելու համար: Ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան նկատմամբ ամուր յանձնառութիւնը կը հանդիսանայ նոր համաձայնագիրի եւ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան հետագայ համագործակցութեան հիմքը: Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը նաեւ կը ստեղծէ աւելի ամուր համագործակցութիւն ուժանիւթի, փոխադրութեան, նոր կարելիութիւններ առեւտուրի եւ ներդրումներու մարզերուն մէջ, եւ դիւրացուած շարժունակութիւն` ի շահ քաղաքացիներուն:

Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները զգալիօրէն ամրապնդուած են վերջին տարիներուն: Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը միացեալ ջանքերու  արդիւնք է, որ աւելի կը խորացնէ կողմերու յարաբերութիւնները Եւրոպական դրացնութեան վերանայուած քաղաքականութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ: Համաձայնագիրը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանին իրենց յարաբերութիւնները որակական նոր, աւելի բարձր մակարդակի հասցնելու համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Արցախի Պայքարը Արժէքներու Համար Է

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Աշխատանքային Այցելութեամբ Հասած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

RelatedPosts

Բագրատ Արք. Գալստանեանի Կալանքը  Երկարաձգուեցաւ Եւս Երեք Ամիսով
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատ Արք. Գալստանեանի Կալանքը Երկարաձգուեցաւ Եւս Երեք Ամիսով

Նոյեմբեր 14, 2025
Հայ Դատը Շարք Մը Այլ Կազմակերպութիւններու Հետ  Կ՛ընդդիմանայ Կազայի Ապահովական Ուժին`  Ազրպէյճանի Անդամակցութեան
Հայկական

Հայ Դատը Շարք Մը Այլ Կազմակերպութիւններու Հետ Կ՛ընդդիմանայ Կազայի Ապահովական Ուժին` Ազրպէյճանի Անդամակցութեան

Նոյեմբեր 14, 2025
Երէկ  Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխաններու Ճնշող Մեծամասնութիւնը Դատապարտեց Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը
Հայկական

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Յայտարարութիւնը Հայաստանում Նախատեսուած «Աղօթքի Նախաճաշի» Վերաբերեալ

Նոյեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?