Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Պայքարը Արժէքներու Համար Է

March 22, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Արցախ կ՛այցելեն Պելճիքայի եւ Պրիւքսէլի շրջանային խորհրդարաններու  երեսփոխաններ Անտրէ տէ Պիւս տէ Վարնաֆ, Էմմանուէլ տէ Պոք եւ Փիեռ Քոմփանի: Անոնց կ’ընկերանան ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ յանձնախումբի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Հեղինէ Էւրիեան:

21 մարտին անոնք տուած են մամլոյ ասուլիս մը, որուն  ընթացքին Անտրէ տէ Պիւս տէ Վարնաֆ ըսած է, թէ իրենց համար շատ հետաքրքրական է գալ ու բացայայտել արցախեան իրականութիւնը` աւելցնելով, որ իրենց պաշտօնակիցներն ալ աւելի եւս կը հետաքրքրուին Արցախով, երբ անոնց կը բացատրուի, որ Արցախը երկիր մըն է, ուր իրական ժողովրդավարութիւն կայ, մարդիկ կը պայքարին իրական արժէքներու համար, կայ միտքի, գործելու, խօսքի ազատութիւն եւ այլն: Ան երրորդ անգամն ըլլալով Արցախ կ՛այցելէ եւ հաճոյքով կը նկատէ, որ մեծ արագութեամբ կը զարգանայ երկիրը:

«Մեր այցելութեան նպատակը ո՛չ միայն Արցախը բացայայտելն է, այլեւ կապի եւ համագործակցութեան եզրեր գտնելը, յատկապէս առողջապահութեան ապահովագրութեան, մշակութային եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ», ընդգծած է Անտրէ տէ Պիւս տէ Վարնաֆ:

Փիեռ Քոմփանի, որ առաջին անգամ ըլլալով Արցախ կ՛այցելէ, իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին հասկցած է, որ Արցախի մէջ ապրողները անջատողականներ չեն, անոնց պայքարը արժէքներու համար է: Ցաւօք, ազատութիւնը անոնց կը ստիպէ գին վճարել, հակառակ անոր որ անիկա խորքին մէջ անգին է: «Ձեր ընտանիքները, վստահ եմ, վճարած են սուղ գին, որպէսզի դուք պայքարիք ժողովրդավարութեան եւ ձեր ժողովուրդին հետ միանալու համար», յայտնած է Փիեռ Քոմփանի, որ զարմացած է, որ տուեալ իրավիճակին մէջ մարդիկ տակաւին խաղաղ են, հանդարտ եւ կեանքին նկատմամբ դրական մօտեցում ունին:

Անդրադառնալով Եւրոպա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցումի մը` Էմմանուէլ տէ Պոք նշած է, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բարդ են: Քաղաքական մակարդակի վրայ բաւական ծանր կշիռ ունեցող Ռուսիան միշտ չէ, որ Եւրոպայի նման կը մտածէ, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ Թրամփի իշխանութեան գալը անկանխատեսելի կը դարձնէ Միացեալ Նահանգներու ապագայի դիրքորոշումը: «Եւրոպական Միութիւնը գոյութիւնը պահելու համար պէտք է ներքին աղբիւրներ գտնէ եւ նոր դաշինք ստեղծէ, որպէսզի իր ճակատագիրին տէրը ի՛նք ըլլայ», յայտնած է ան:

 

Նախորդը

Մարզերու 2017-2025 Զարգացման Ռազմավարութիւններու Նախագիծերը Փոխանցուած Են Կառավարութեան

Յաջորդը

Նախաստորագրուեցաւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.