Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երաժշտական Աշխարհը Կը Պահանջէ Մեծ Նուիրուածութիւն Եւ Անկեղծութիւն» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Քրիստինէ Սահակեան

Մարտ 21, 2017
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ ՄԱՀԱԵՄ-ի կեդրոնական մարմնի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, 24 մարտ 2017-ին պիտի կայանայ Հայաստանի Հանրապետութեան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի մեներգչուհի, համաշխարհային մրցանքներու դափնեկիր եւ վաստակաւոր արուեստագէտ Քրիստինէ Սահակեանի ելոյթը «Արիաներ եւ ռոմանսներ» խորագիրով, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի: Քրիստինէ Սահակեան ծնած է Երեւան: 1990-99 յաճախած եւ գերազանցութեամբ աւարտած է Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի մեներգեցողութեան բաժինը, այնուհետեւ շարունակած է ասպիրանտուրան (Գոհար Գասպարեանի դասարանը): 1998-էն կը հանդիսանայ Երեւանի Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի առաջատար մեներգչուհի: 2002-էն կը դասաւանդէ Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ: Մասնակցած է շարք մը օփերային առաջին ներկայացումներուն` «Արշակ Բ.», «Ալմաստ», «Աիտա», «Թրավիթա», «Սեւիլեան սափրիչ» եւ այլն: Անոր օփերային դերերգերն են` Փառանձեմ, Ալմաստ, Ամներիս, Ազուչենա, Ատալճիա, Սանթուցցա… Անոր երգացանկը կ՛ընդգրկէ բազմաթիւ համերգային ստեղծագործութիւններ (Վ. Ա. Մոցարթ «Ռեքուիեմ», Ճ. Վերտի «Ռեքուիեմ», Տվորժակ «Ռեքուիեմ», Փերկոլեզի «Սթապաթ մեթըր», Ռոսսինի «Սթապաթ մեթըր», Ե. Ս. Պախ «Մատթէոսի չարչարանքները»:

Որպէս մեներգչուհի` բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է Ազգային ռատիոյի սիմֆոնիք նուագախումբին, Պետական ֆիլհարմոնիք, Պետական երիտասարդական, Պետական սենեկային  «Սերենատ» եւ Պետական սենեկային նուագախումբերուն հետ:

Ելոյթներ ունեցած է հանրայայտ խմբավարներու հետ, ինչպէս` Վլատիմիր Սփիվակով, Լիոր Շամպատալ, Պայրոն Ֆիթեթցիս, Եուրի Կոչնեւ, Եարեմա Սկիպինսկին, Օհան Դուրեան, Էդիկ Թոփչեան, Կարվն Դուրգարեան, Վահան Մարտիրոսեան, Սերգէյ Սմբատեան:

Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք ելոյթին առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ վաստակաւոր մեներգչուհիին հետ` մօտէն ծանօթանալու անոր ծրագիրին եւ գործունէութիւններուն:

«ԱԶԴԱԿ».- Ձեր առաջի՞ն այցելութիւնն է Պէյրութ: Ո՞ր երկիրներուն մէջ ելոյթներով հանդէս եկած էք, եւ ո՞ր ելոյթն է, որ ձեզ ամէնէն շատ յուզած ու տպաւորած է:

ՔՐԻՍՏԻՆԷ ՍԱՀԱԿԵԱՆ.- Առաջին անգամ Լիբանան գտնուած եմ 1999-ին: Այս իմ 4-րդ այցելութիւնս է Պէյրութ, եւ բոլորը` ելոյթներով: Ելոյթներ ունեցած եմ` Ֆրանսա, Գերմանիա, Յունաստան, Լեհաստան, Լիբանան, Ռուսիոյ շարք մը քաղաքներու մէջ (Ս. Փեթերսպուրկ, Մոսկուա, Սամարարա, Սարաթով, Քրասնոյարսկ) եւ այլն:

Իւրաքանչիւր ելոյթս կը սիրեմ եւ կը կարեւորեմ, բայց կ՛երեւի կ՛առանձնացնեմ իմ առաջին հիւրախաղերս Եւրոպա, հիմնականին մէջ Ֆրանսա եւ Գերմանիա` 1995-ին:

«Ա.».- Երաժշտական մարզին մէջ ի՞նչ բան կ՛ոգեւորէ ձեզ ամէնէն շատ:

Ք. Ս.- Երաժշտական աշխարհը անծայրածիր է տիեզերքի պէս, եւ կրնամ ըսել, որ ան կը պահանջէ մեծ նուիրուածութիւն եւ անկեղծութիւն:

«Ա.».- Այսօր ինչո՞վ աչքի կը զարնէ հայ օփերան:

Ք. Ս.- Ազգային օփերային թատրոնը 20-րդ դարու տարածաշրջանի լաւագոյն օփերային թատրոններէն մէկը կը համարուէր իր ներկայացումներու հարուստ ցանկով…

Այսօր մեր լաւագոյն կատարողները ելոյթներ կ՛ունենան աշխարհի ամենապատասխանատու բեմերուն վրայ, եւ իրենց յաջողութիւններով բարձր կը պահեն հայ օփերային արուեստը:

«Ա.».- Խօսինք Պէյրութի մէջ կայանալիք ձեր ելոյթի ծրագիրին մասին:

Ք. Ս.- Պէյրութի իմ մենահամերգի ծրագիրը իր մէջ կը ներառէ 16-17-րդ դարու անթիք արիաներէն մինչ 20-րդ դարու մեր սիրուած հայ երգահաններու ստեղծագործութիւնները: Առաջին մասը կը բովանդակէ միայն համաշխարհային կտաւի օփերային արիաներ, իսկ 2-րդ բաժինը` ռոմանսներ եւ սիրուած երգեր:

«Ա.».- Կա՞ն աշխատանքային նոր ծրագիրներ, ճամբորդութիւններ:

Ք. Ս.- Վերջին ժամանակներուն կը համագործակցիմ Ս. Փեթերսպուրկի անուանի փառատօներէն մէկու հետ` «Ս. Փեթերսպուրկեան դղեակներ» եւ պարբերաբար կ՛ունենամ նաեւ հրաւէր…: Ընելիքներ միշտ կան, Երեւան վերադարձիս յաջորդ օրն իսկ ելոյթ ունիմ Գիւմրիի մէջ, եւ ապրիլ 4-6 օփերայի տան մէջ, եւ այսպէս` շարունակ:

Կ՛ուզէի աւելցնել , որ առաջին այցելութիւնս Պէյրութ եղած է «Մարկօ Պապիկեանի» անուան միջազգային մրցոյթին առիթով, երբ ես արժանացայ առաջին պատուաւոր մրցանակին:

Յուսով եմ, որ այս այցելութեանս առիթ կ՛ունենամ հանդիպելու Պապիկեան քոյրերուն եւ ջերմութեամբ ու սիրով կը սպասեմ Պէյրութի իմ հանդիսատեսին:

 

 

Նախորդը

Մտորումներ. Թատրոնի Ծնունդն Ու Ընթացքը

Յաջորդը

Քրիստինէ Սահակեան Լիբանանի Մէջ

RelatedPosts

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
«Մեր Առաքելութեան Յարատեւման Ու Վերելքին Գաղտնիքը Պարզ Է` Կամք, Զոհողութիւն Եւ Ծառայութեան Ոգիին Նկատմամբ Հարազատութիւնը», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Պերճ Աբգարեան
Հարցազրոյց

«Մեր Առաքելութեան Յարատեւման Ու Վերելքին Գաղտնիքը Պարզ Է` Կամք, Զոհողութիւն Եւ Ծառայութեան Ոգիին Նկատմամբ Հարազատութիւնը», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Պերճ Աբգարեան

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?