Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բնորոշիչը Ժողովուրդի Կա՛մքն Է

Մարտ 20, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Սալորենին ծառերու յիմարագո՛յնն է: Բոլորէն առաջ կը խաբուի մարտի կեղծ գարունով: Խաբուսիկ արեւը տեսնելով` իսկո՛յն կը ծաղկի: Սպիտակ ուրախութիւն մը կը պարգեւէ շուրջ-բոլորին: Պատահական անցորդները կը հրապուրուին ծաղկած սալորենիի գեղեցկութեամբ: Կը հրճուին, ուրախութեամբ կը լեցուին: Անցած են ձմրան մռայլ օրերը: Շուտով կը հասնի գարունը, բնութիւնը կը վերակենդանանայ, ծառ ու ծաղիկ կը դալարին: Նոյնիսկ պեթոնապատ մեծ քաղաքներու մէջ, այգիի փոքրիկ շերտ մ՛իսկ բաւարար է` այս գարնանամուտի ուրախութենէն բաժին մը ստանալու:

Համատարած այս երեւոյթին դիմաց միա՛յն պարտիզպանը չ՛աճապարեր, այլ համբերութեամբ կը սպասէ այս խաբուսիկ օրերուն ժամ առաջ անցնելուն: Կեանքի փորձառութեամբ գիտէ, որ այս ամսուան արեւը, արեգակը կե՛ղծ է: Այսօր թէ վաղը, այդ պայծառ եղանակը կը փոխուի, բուքն ու քամին կիսով կը թափեն միամիտ սալորենիին կանխահաս ծաղիկները: Ծաղիկներ, որոնք եթէ այսքան չաճապարէին, պիտի պտղաբերէին այդ նոյն ճոխութեամբ:

Շահեկան է մարդու եւ բնութեան յարաբերութիւնը: Գարնան առաջին շողերը տեսնելով ծաղկող սալորենիին նման` նորայայտ երեւոյթներու դիմաց իսկո՛յն շարժման անցնող մարդոց համար հնարուած է` «Առանց գետը տեսնելու` շալվարդ մի՛ սոթտեր» ասացուածքը:

Թուրքիոյ պատմութեան վերջին 15 տարիները դրոշմուած են Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ յատկապէս անոր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի իշխանութեամբ: Հանրապետական Թուրքիոյ 94-ամեայ պատմութեան մէջ խի՛ստ կարեւոր անկիւնադարձ մըն է Էրտողանի գլխաւորած շարժումին իշխանութիւն հաստատելը: Առաջին անգամ ըլլալով` երկրի հիմնադիր մտայնութեան հակասող քաղաքական շարժում մը ժողովուրդին ձայներով իր կամքը կը պարտադրէր երիտթրքական-քեմալական ազգային գաղափարախօսութեան դէմ: Էրտողան իր իշխանութիւնը ամրացնելու համար լաւագոյնս օգտուեցաւ ժողովրդավար սկզբունքներէն: Իր պատգամներով երկրին մէջ ան սիրաշահեցաւ

ազատական-լիպերալները, հարստութիւն դիզած,  բայց համապատասխան փառք ու պատիւի չարժանացած նորահաս հարուստները, նախապէս չարաչար շահագործուած քրիստոնեայ կամ հրեայ փոքրամասնութիւնները եւ ժողովուրդի բաւական լայն մէկ շերտը: Երկրէն դուրս, Եւրոմիութեան անդամակցելու հեռանկարով, արեւմտեան քաղաքական շրջանակները եւս զօրակցեցան այս նոր շարժումին: Իրենց դիմաց արմատական իսլամութեան փոխարէն` այլընտրանք մը, հաշտուելու արժանի կաղապար մը գտած ըլլալ կը կարծէին: Անոնք կ՛անտեսէին Էրտողանի` «Ժողովրդավարութիւնը մեզի համար հանրակառք մըն է, տեղ հասնելով` կ՛իջնենք» խոստովանութիւնը:

Մեր ընկերական շրջանակին մէջ Սարգի՛սն էր, որ յաճախ կը զգուշացնէր` «Այսօր 1908-ի սահմանադրութեան պայմանները կ՛ապրինք, սպասենք ու տեսնենք, թէ 1915-ի դարադարձին ինչե՜ր կը սպասեն մեզի» ըսելով: Իրա՛ւ ալ, դարադարձի յունիսի եօթին կայացած ընտրութիւններէն ետք Էրտողանի կուսակցութիւնը առաջին անգամ ըլլալով կորսնցուց առանձինն կառավարութիւն կազմելու իրաւունքը: Այդ թուականէն սկսեալ երկիրը ինկած է ընկերաքաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամի ճիրաններուն մէջ: Նախագահը իր իշխանութիւնը շարունակելու համար երկիրը մխրճած է փորձանքաբեր արկածախնդրութիւններու մէջ:

Իսկ պատրիարքարանի պատմական կամարներուն տակ հոգեւորականաց դասը երկար տարիներով ենթարկուած ճնշումէն ձերբազատուելով` կանխահաս ուրախութեամբ կ՛ողջունէր ժողովուրդին ձայնակցելու կամքը: Օլէ՜, ուրախ բացագանչութիւնները յանկարծ սմքեցան` կատարուած ընտրութիւնը չեղեալ համարող պաշտօնական գրութեան մը յայտնութեամբ:

Անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ օսմանեան խաղերը անսպառ են, դաւադրութիւնը` անվե՛րջ:

Բայց անվերջ ու անսպառ է նաեւ գիտակցութիւնը շահած ժողովուրդին կա՛մքը: Հաստատ համոզումով կրկնենք, որ վերջին հաշուով, այդ կա՛մքն է յաղթական:

 

 

 

Նախորդը

Ժողովրդավարութեան Դասատու… Էրտողանը

Յաջորդը

Ընտրակաշառքի Եւ Գաղափարի Միջեւ Կռիւն Է (Չակերտաւոր Խոստումը Կեղծ Է)

RelatedPosts

Վաղամեռիկ Աւօ Զարմէնեանի Յիշատակին
Անդրադարձ

Վաղամեռիկ Աւօ Զարմէնեանի Յիշատակին

Սեպտեմբեր 23, 2023
Մեր Թաղը Եւ Աւոն
Անդրադարձ

Մեր Թաղը Եւ Աւոն

Սեպտեմբեր 23, 2023
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Իրաւացի Է Այդ Հայուհին

Սեպտեմբեր 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In