Երէկ ՀՅԴ ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան Լոռիի մարզի Գիւլագարակ համայնքի ընտրողներուն հետ: ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան դիմելով ներկաներուն նշեց, որ եթէ անոնք կը վաճառեն իրենց ընտրական իրաւունքը, ապա անկէ կը բխի մնացած իրաւունքներու ոտնահարումը: «Եթէ մենք չվերականգնենք այս իրաւունքը, մեր երկիրը ո՛չ մարդու իրաւունքներ կրնայ յարգել, ո՛չ ալ այլ իրաւունքներու մասին ընդհանրապէս կարելի է խօսիլ», ըսաւ ան:
Ըստ Ռուստամեանի, կատարուած է մեծ փոփոխութիւն, ընդ որում` ՀՅԴ-ի անմիջական ջանքերով: «Մենք այլեւս ոչ թէ կ՛ընտրենք անձ մը, որուն կը պատկանէր ամբողջ իշխանութիւնը, այլ մենք պիտի ընտրենք խորհրդարան, որ ամէն ինչ որոշողը ինք պիտի ըլլայ», ըսաւ ան, ապա աւելցուց. «Հիմա այս ընտրապայքարին մէջ ալ բոլոր քաղաքական ուժերը կ՛ըսեն` փոփոխութիւններ պիտի կատարենք: Մենք կ՛ըսենք` արդէն այդ փոփոխութիւններուն զգալի մասը կատարած ենք եւ ոչ թէ պէտք է ընենք»:
Ռուստամեանի համաձայն, նոր` խորհրդարանական համակարգը Դաշնակցութեան պահանջը եղած է միշտ` 1991-էն սկսեալ: Ան նշեց, որ երբ 1990-1991 թուականներուն Հայաստանը կը ղեկավարուէր Գերագոյն խորհուրդին կողմէ, ատիկա մեր երկրին ամէնէն ժողովրդավարական ժամանակահատուածը եղած է, իսկ 1991-ին անցանք նախագահական համակարգի, եւ երկրին ընթացքը սկսաւ ծռիլ, ու ասոր հետեւանքները, ըստ Ռուստամեանի, մինչեւ հիմա կը կրենք: «Եթէ հաւաքական որոշումներ կայացնելու մեքանիզմ չըլլայ, սուտ է` ով ալ եկաւ, նոյն ձեւի գայթակղութիւն պիտի ըլլայ, իր կողմնակիցներուն համար լաւ պիտի ըլլայ, միւսներուն բախտը քմահաճոյքէն կախեալ պիտի ըլլայ: Ասիկա հասկնալով է, որ մենք փոխած ենք այս բոլորը», ըսաւ ան եւ վստահութիւն յայտնեց, որ այս ընտրութիւնները պիտի ըլլան իրական, պիտի ընտրուի այնպիսի իշխանութիւն, որ հաւասարակշռուած պիտի ըլլայ:
Ըստ Ռուստամեանի, իրենց ջանքերով է, որ այսօր ընդդիմութիւնը խորհրդարանին մէջ 1/3 ներկայացուածութիւն պիտի ունենայ, եւ նախապէս նման բան երբեք չէ եղած:
Ռուստամեան նշեց, որ իրենք երբեք դատարկ խոստումներ չեն տուած ընտրողին: «25 տարի շարունակ աշխատած ենք, որ այս յաջողութիւնը ունենանք, որ համակարգ փոխենք, որ այս` չարիք ծնող համակարգը այլեւս չըլլայ», ընդգծեց ան, ապա իր խօսքը ուղղելով ընտրողներուն նշեց, որ այս ամէնը նկատի ունենալով Դաշնակցութեան տան կարելիութիւն, որպէսզի կարենայ այս գործը շարունակել աւելի արագ թափով, որ այս տարուան մէջ արդէն զգալի ըլլան փոփոխութիւններուն արդիւնքները:
Եզրափակելով խօսքը` Ռուստամեան նշեց, որ ՀՅԴ-ն միակ կուսակցութիւնն է, որ 127 տարիներու ընթացքին իր կատարածին համար բաց ճակատով կը կանգնի ժողովուրդին մէջ եւ կը շարունակէ իր ընթացքը: «Ձեր ընտրութիւնը ճիշդ կատարեցէ՛ք, այնպիսի մարդոց ընտրեցէ՛ք, որ այս ամէն ինչէն կը հասկնան: Այդպիսի մարդիկ կան նաեւ միւս ճամբարներուն մէջ, մարդիկ կան, որ յարգուած են», ըսաւ Ռուստամեան: