«Հայաստանի ժողովրդական կուսակցութեան առաջնորդէն յստակ դիրքորոշում, արցախեան տագնապի լուծման մասին, չեմ լսած», այսպէս արձագանգեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան այն դիտարկումին, որ ՀԱՔ-ՀԺԿ դաշինքը հանդէս կու գայ «Խաղաղութիւն-հաշտութիւն-բարի դրացիութիւն» կարգախօսով, որ նաեւ, ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահը իր յօդուածին մէջ նշած էր, կ՛ենթադրէ արցախեան հարցին մէջ փոխզիջում` խաղաղութեան եւ միջանկեալ կարգավիճակի դիմաց, մինչդեռ այլ քաղաքական ուժեր դէմ են նման դիրքորոշումի:
«Այնպիսի զգացողութիւն ունիմ, որ հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան կը սիրէ նաեւ իր շրջապատին վրայ ծիծաղիլ, եւ իր խմբակիցները դրած է կացութեան մը մէջ, որ անոնք կը փորձեն իրենց անկարելին ընելով` մեր հասարակութեան ապացուցել անապացուցելին: Ասիկա Լեւոն Տէր Պետրոսեանին իւրայատուկ է` նաեւ իր շրջապատին վրայ քիչ մը ծիծաղիլ», «Առաւօտ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Աղուան Վարդանեան:
Աղուան Վարդանեան ըսած է. «Լեւոն Տէր Պետրոսեան բան մը ըսած է եւ բոլորը դրած այդ պարտադրանքին տակ, եւ բոլորը կը փորձեն իր ըսածները կրկնել կամ իր ըսածները արդարացնել, ինքն ալ նստած, հեռուէն նայելով` կը քմծիծաղի»:
Իսկ թէ ի՞նչ դիրքորոշում ունի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը արցախեան տագնապի խաղաղ լուծման մասին, Վարդանեան ըսաւ. «Նայեցէ՛ք բոլոր միւս քաղաքական ուժերուն, չէ՞ որ բոլորը նոյն բաները կ՛ըսեն, ինչ որ միշտ ըսած է Դաշնակցութիւնը: Արցախեան ազատամարտը կազմակերպելը, գոնէ առնուազն Դաշնակցութիւնը սկսած է: Մենք միշտ ըսած ենք` ասիկա մեր արժանապատուութեան, մեր ապագայի խնդիրն է, ասիկա առանձին հարց չէ, ամբողջ հայ ժողովուրդին հարցն է: Մենք հազարաւոր զոհերու, զրկանքներու գնով ապահոված ենք այս յաղթանակը, եւ բնական է, մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ ատիկա ամրապնդուի»:
Աղուան Վարդանեանի համաձայն, փոխզիջում կը նշանակէ` մէկ կողմը բան մը կը զիջի, միւս կողմը` համարժէք, եւ եթէ միւս կողմին հռետորաբանութիւնը, հայատեացութիւնը, սպառազինուիլը, այդ մասին խօսելու որեւէ առիթ չի ձգեր, ապրիլեան պատերազմն ալ վկայ, ալ ինչի՞ մասին է խօսքը: «Պատերազմ պիտի չըլլայ, եթէ մենք, իսկապէս, պատրաստ ըլլանք, եթէ մեր ժողովուրդին մարտունակութեամբ, սպառազինութեամբ հակառակորդը իմանայ, մանաւանդ այնպիսի հակառակորդ, որ 2 անգամ պարտութիւն կրած է իր մեծ թուաքանակով եւ իր մեծ սպառազինութիւններով, եթէ ան իմացաւ, որ հակահարուածը աւելի ուժեղ պիտի ըլլայ, երբեք պատերազմ պիտի չըլլայ: Եթէ մենք կ՛ուզենք խաղաղութիւն, պատերազմին պէտք է բոլոր առումներով պատրաստ ըլլանք` ե՛ւ հոգեբանօրէն, ե՛ւ իւրաքանչիւր տեսակով, եւ այսօր այդ ուղղութիւնը որդեգրած է Հայաստանը, փառք Աստուծոյ, որ նաեւ որդեգրուած են Դաշնակցութեան մօտեցումները», ըսաւ Վարդանեան:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին դիտարկումով` Արցախը ինքնորոշուած է, ունի սահմանադրութեամբ ինքնորոշուած իրաւունքներ, 2 անգամ Արցախի ժողովուրդը իր կամքը արտայայտած է. «Եւ մենք պէտք է առաջնորդուինք այդ ժողովուրդին կամքով, մենք պէտք է կարենանք Արցախի միջազգային ճանաչումը ապահովել, որ Ազրպէյճանը ընդունի: Եթէ Ազրպէյճանը կ՛ընդունի, որ Արցախի Հանրապետութիւնը ինքնորոշուած է, կրնանք նստիլ խօսիլ այլ հարցերու մասին»: Ի վերջոյ, արդեօք Դաշնակցութիւնը կողմնակից է տարածքներ` Արցախի կարգավիճակին դիմաց բանակցութիւններուն, «Առաւօտ»-ի հարցումին Աղուան Վարդանեան այսպէս պատասխանեց. «Նման առաջարկ այսօր գոյութիւն չունի, իսկ խաղաղութիւն` տարածքներու դիմաց, անընդունելի կարգախօս է, անիրագործելի: Ազրպէյճան որեւէ փոխզիջման պատրաստ չէ, եռանախագահողներուն բոլոր առաջարկները կը մերժէ: Դաշնակցութիւնը պատերազմի կուսակցութիւն չէ, Դաշնակցութիւնը արժանապատիւ խաղաղութեան կուսակցութիւն է»: